50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 28 ՄԱՐՏ 1961 )

ՆՈՐ ԼՈՅՍ ՄԸ Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ԴԵՐԸ

Պրիւքսելէն կը հաղորդուի, թէ կաթողիկէ հայ վարդապետ մը, որուն անունը չի տրուիր (համեստօրէն), կարեւոր դեր ունեցած է Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին:

Վարդապետին ֆրանսերէն գրուած յուշերուն մէջ այդ առթիւ յիշատակուած է դէպքը:

Ահա այն տպագրուած գրութիւնը, որ կը պատմէ Թեհլիրեանի դատավարութեան պարագաները:

* * *

Պելճիքայի քանի մը առաջաւորներ խնդրեցին Վ.էն, որ Պերլին երթայ` Թեհլիրեանի դատավարութեան օգնելու: Առաջին անգամ եկեղեցական սքեմով կ՛այցելէ քանի մը անձնաւորութիւններու: Հազիւ կ՛իմանայ, թէ Թեհլիրեան պիտի դատապարտուի, շուտով Պրիւքսել կը վերադառնայ. առաջաւորներն ալ այդպէս լսած ըլլալուն` Վ.ին ռետինկոթ տարազ հագցնելով` կրկին կը ղրկեն Պերլին: Վ.ը յօդուած մը կը գրէ` ըսելով, թէ «Թեհլիրեանի դատավարութեան վիճաբանութիւնը եւ վերջաւորութիւնը պիտի ապացուցանեն, թէ արդեօք պէ՞տք է հաւատալ գերմանացիներու բողոքներուն, թէ իրենք անմեղ են հայկական ջարդերու խնդրին մէջ» (Լա Լիպըր, «Պերժիք», 20 մարտ 1921): Այդ յօդուածները Պերլին կը ղրկէ առ որ անկ է: Տոքթ. Լեփսիուս ալ կառավարութեան կողմէ իրեն հրաւիրագիր կը ղրկէ Պերլին երթալու եւ վկայելու համար: Քոլոնիայի կարտինալէն եւ ուրիշ եկեղեցականներէ այդ մասին յանձնարարականներ տանելով` Պերլին կը մտնէ: Տոքթ. Լեփսիուսին եւ  փաստաբանին հետ տեսնուելով` իր փաստերը եւ վկայութիւնը կը յանձնէ, պայմանով, որ իր անունը չյիշուի: Ու կ՛ըսէ. «Երբ մէկը յարձակի ուրիշի մը վրայ սպաննելու համար, զայն սպաննելը արտօնուած չէ՞. արդ, Թալէաթ Գերմանիայէն իմացուց հայերուն, թէ` «մի՛ յոխորտաք, Պոլիս դառնալուս` ամէնքնիդ ալ ջարդել պիտի տամ»:Իսկ Վ.ին կ՛ըսէ. «Կեաւուրը իր մարդիկը ազատելու համար եկեր է. մենք ամէնքը պիտի ջարդենք»: Ուստի Թալէաթ ջարդարարը եւ դեռ ջարդել ուզողը սպաննել արտօնուած չէ՞, կ՛ըսէ Վ.ը: Յանձնարարականները դատաւորներուն կը հասցնէ: Դատավարութիւնը կը սկսի: Տիկին Թերզիպաշեան Պ. Գալուստեանի թարգմանութեամբ կը նկարագրէ ջարդերը: Դատաւորները գաղտնի խորհրդակցութեան կը սկսին. 20 վայրկեան ետք կու գան եւ Թեհլիրեանը ազատ է», կ՛ըսեն: Վ.ը առաջինը կ՛ըլլայ Թեհլիրեանի ճակատը համբուրելու եւ Ամերիկա եւ Լոնտոն հեռագրով աւետելու: Վ.ը Պերլին հասնելուն` բանտ գացած ու այցելած էր Թեհլիրեանին. ան դեղնած էր ու «պիտի դատապարտուիմ», ըսեր է: Վ.ը կը քաջալերէ եւ կ՛ապահովեցնէ, որ ազատ պիտի արձակուի: Թալէաթին արիւնը խմել ուզելդ մի՛ ըսեր, կը յանձնարարէ, եւ ուրիշ խօսակցութիւն կ՛ունենայ հետը: Վ.ը Թեհլիրեանի լուսանկարը կը քաշէ, եւ բանտին մէջ սա ոտանաւորը պատրաստէ հայերէն ու ֆրանսերէն, եւ յետոյ Թալէաթի լուսանկարն ու ջարդի եւ տեղահանութեան նկարներն ալ միացնելով` ոտանաւորով իբրեւ յիշատակ կը բաշխէ:

ՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՐ ՈՐԴՒՈՅՆ

Թալէաթն է արիւնարբուն,
Մէկ միլիոն խեղճ հայերուն,
Ազգս ըրաւ մահիկին զոհ,
Դեռ կ՛ապրի հանգիստ ու գոհ,
Չես որդիս, չլինիս հերոս,
Թէ չթափես արիւնը հոս:

 

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻ

ՀԻՄՆԱՔԱՐԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻՆ
ԳՈՅԱՑԱԾ Է 10,000 ՏՈԼԱՐ

«Ասպարէզ»ի 17 մարտի թիւին մէջ կը կարդանք.-

Մարտ 5-ին, կիրակի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, մեծ հանդիսաւորութեամբ տեղի ունեցաւ օրհնութիւնը Սան Ֆեռնանտօ Հովիի ազատատենչ հայութեան եկեղեցւոյ հիմնաքարերու:

Արարողութիւնը ղեկավարեց եւ կատարեց ամերիկահայ թեմի առաջնորդական փոխանորդ Հրանդ  եպս. Խաչատուրեան` օժանդակութեամբ Վահրամ վրդ. Եղիայեանի եւ Սմբատ աբղ. Լափաճեանի, տէր Եղիշէ Ա. քհնյ. Մխիթարեանի (հովիւ Ս. Ֆեռնանտօ Հովիի) եւ տէր Ներսէս քհնյ. Շահինեանի, սարկաւագներու եւ երեք դպրապետներու:

Ա. արարողութեան հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու` Սրբոց նահատակաց Հայաստանեայց եկեղեցին կառուցուած տէր եւ տիկին Անտրէ եւ Սաթենիկ Տէր Օհանեանները (Ամուրեան), Լոս Անճելըսի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հովիւը, ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը, կանանց եկեղեցասէր միութիւնները եւ այլ հաստատութիւններու:

Հիմնաքարերու օրհնութիւն կատարուեցաւ 12 առաքեալներու եւ 4 աւետարանիչներու անունով, 16 կնքահայրերու միջոցով:

Ս. արարողութիւնն ու անոր հետեւող ճաշկերոյթ-հանդէսը խիստ փառաւոր էր, հարիւրաւորներ ներկայ եղան եւ նուէրներ տուին:

Բոլոր նուէրներու գումարը հասաւ 10,000 տոլարի:

Share this Article
CATEGORIES