ԺԱՆ ՀԱՄՄԱՄ` «ՍՔՈՐ»-Ի ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԻՒՐԸ
Իւրաքանչիւր երեքշաբթի օր, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն պատկերասփռուող մարզական «Սքոր» յայտագիրին այսօրուան հիւրը պիտի ըլլայ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ եւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ:
Յայտագիրը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 23:00-ին, կը վարէ մարզական փորձառու լրագրող Նեժիպ Քահի:
CATEGORIES Մարզական

