ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՏԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒԺՆ Է, ՈՐ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԷ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ պատմութեան ընթացքին փաստուած է, թէ ժողովրդային շարժումները յառաջընթաց կ՛արձանագրեն եւ ոչ թէ յետընթաց:

Ան ընդգծեց, որ անիրաւութեան վրայ հիմնուած օրէնքն ու վարչակարգը չեն կրնար երկարատեւ ըլլալ:

Ժոմպլաթ նշեց, որ տկարներուն ուժով է, որ արաբական յեղափոխութիւնները կ՛աշխուժանան` պահանջելու համար ազատութիւնը, փառքն ու արժանապատուութիւնը:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Ռուսիոյ ղեկավարութեան, որ նկատի ունենայ տկարներուն ուժը, ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին: Ան դիտել տուաւ, որ ապահովական լուծումները չեն կրնար լուծել Սուրիոյ դիմագրաւած ներկայ տագնապը, որ կարիքը ունի սուրիական վարչակարգի արմատական փոփոխութեան:

Այս ծիրին մէջ ան հարց տուաւ, որ արդեօք Ռուսիա յեղափոխութիւն չէ՞ կատարած կայսրերուն անիրաւութիւններուն դէմ:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց նաեւ Իրանին յիշելու պատմութիւնը եւ Իրանի շահին դէմ կատարուած յեղափոխութեան սկզբունքն ու վերջինիս տապալումը, որպէսզի ըմբռնէ, թէ ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն գոչող մերկ կուրծքերը կրնան դիմադրել հզօրագոյն վարչակարգերուն:

Ան խստիւ դատապարտեց «Սուրիոյ մէջ ժողովուրդին դէմ գործուող բռնարարքները»` շեշտելով, որ «Սուրիոյ մէջ եւս յեղափոխութիւնը պիտի յաղթէ»:

Share this Article
CATEGORIES