ՀԱՅԵԱՑՔ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ. ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ ԿԸ ԳՈՌԱՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵԶԻ ՉԻ ՀԱՍՆԻՐ ԱՅԴ ՁԱՅՆԸ
Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը տագնապի մէջ է. եւ սա ոչ միայն այն պատճառով, որ Եւրոպայի մէջ ընկերվար-ժողովրդավարները իշխանութեան գլուխ չեն այսօր: Կացութիւնը ծանրակշիռ է: Գործ ունինք ինքնութեան լուրջ տագնապի հետ:
Կարծէք թէ վստահ չենք այլեւս, որ ի՛նչ բան է ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, եւ կամ ի՛նչ պէտք է ըլլայ անիկա:
Որո՞նք են ընկերվար-ժողովրդավարները: Ո՞վ է, որ պիտի ապահովէ ընկերվար-ժողովրդավարութեան ապագան: Այս հարցերուն պատասխանելու պահուն յաճախ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը կը նոյնացուի կուսակցական ընտանիքի պատկանելիութեան հետ: Սահմանումով իսկ հիմնական է կազմակերպական յարաբերակցութիւնը: Եւրոպայի ընկերավարական կուսակցութիւններու խմբակցութեան կամ Ընկերվար-միջազգայնականի անդամակցութիւնը այսօր դարձած է գերագոյն փաստը, որ կուսակցութիւն մը ունի ընկերվար-ժողովրդավարական աշխարհայեացք, եւ սա անկախ այն բանէն, որ կը խօսինք Շուէտի Սոցիալ-դեմոկրատներու մասին թէ մէկ գիշերուան մէջ Արեւելեան Եւրոպայի «շուռ եկած» նախկին ընկերվարական պետութիւններուն մասին:
Սակայն արդեօ՞ք սահմանումը այսքան պարզ է: Սոսկ անդամակցութիւնը, կազմակերպական որոշ կառուցուածքը կը փարատէ՞ ինքնութեան տագնապը:
Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը աւանդութեամբ եղած է զանգուածային, ունեցած է մեծ թիւով շարքեր, որոնք ուժեղ կապ ունեցած են արհմիութիւններու հետ. գոնէ հիւսիսային Եւրոպայի եւ սկանտինաւեան երկիրներու պարագային այս է եղած պատկերը:
Ուրեմն կրնայ ըլլալ, որ ա՞յս է ճիշդ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը. շարքայիններէ եւ համակիրներէ կազմուած մէկ զանգուած:
Եթէ մէր պատասխանը դրական է, ապա ունիմ տխուր լուր. այդ պարագային ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը անցեալէն մնացուկ «տայնըսոր» (հոյամողէզ) մըն է, որ շուտով պիտի հանգի կամ ալ աստիճանաբար պիտի բնաջնջուի միջավայրի կամ իրավիճակներու փոփոխման զուգահեռ:
Անցեալին ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը կը կերտուէր արդիւնաբերական մեծ աշխատատեղիներէն ներս: Գործարաններու մէջ էր, որ հիմքը կը դրուէր զանգուածային կազմակերպութեան. այնտեղ կար միատարր աշխատաւորական դասի մշակոյթ: Այնտեղ մէկտեղուած էին նմանօրինակ կեանքով, նմանօրինակ աշխատանքով, նմանօրինակ հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդիկ: Այդ մարդիկ հիմքն էին ընկերվար – ժողովրդավարութեան եւ` զայն դաւանող քաղաքական կուսակցութիւններուն առանցքը:
Աշխատաւորներու շարժումը ուղղակի արդիւնք էր արդիւնաբերական պայմաններուն: Գործարաններուն մէջ էր, որ մարդիկ քով-քովի գալով` սորվեցան կազմակերպուիլ:
Սակայն այս օրերուն, երբ օրէ օր սակաւ կը դառնայ արդիւնաբերութեան հետ գործ ունեցող մարդոց թիւը, ընկերվար-ժողովրդավարութեան հիմքերը կը խախտին եւ ցնցում-երկրաշարժերը կը դառնան անխուսափելի:
Նոր հովերուն դէմ դնող շրջանակներ` Երրորդ ալիքի ջատագովները, փորձեցին հասկնալ, վերլուծել, գուշակել, թէ ինչպիսի՛ն է ընկերվար-ժողովրդավարութեան գալիքը, ապագան:
Ընկերվար-ժողովրդավարութեան նոր շունչ ու կեանք տալու այս փորձի հեղինակները չէին ուզեր հասկնալ մէկ կարեւոր բան. այն, որ դասակարգային յարաբերութիւնները ինքնուրոյն են, անկախ են եւ անպայմանօրէն կապ չունին արդիւնաբերական հասարակութեան հետ:
Այսօր մեր կեանքը տարբեր է: Մենք կ՛ապրինք յետարդիւնաբերական հասարակութեան մէջ, ուր ընկերային անարդարութիւնը կը շարունակէ մնալ ու աճիլ: Մեր մեծագոյն մարտահրաւէրն է լուծում տալ այս հիմնական խնդիրին, որ անդամալուծած է ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, եւ ասիկա ճիշդ է ե՛ւ Անգլիոյ, ե՛ւ Շուէտի, կա՛մ Հայաստանի համար:
ՀՅԴ-ի համար եւս սա լուրջ խնդիր է: Պատմական հանգամանքներու բերումով կուսակցութիւնը մինչեւ այսօր գործ չէ ունեցած արհմիութիւններու հետ, հնարաւորութիւն չէ ունեցած աշխատաւոր դասի շահերու իրական պաշտպանութեան խնդիրով զբաղելու:
Սակայն կուսակցութեան ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարախօսութիւնը այսօր կազմակերպութիւնը կը մղէ հրապարակ, ուր ընկերային արդարութեան խնդիրը երբեք այսքան սուր այժմէականութիւն չէ ունեցած:
ՀՅԴ-ն կը դիմագրաւէ նոյն խնդիրները, կը տառապի նոյն դժուարութիւններով, որ հասարակաց է Եւրոպայի ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն: Սակայն, ի տարբերութիւն միւսներուն, ՀՅԴ անպատրաստ է, առանց անցեալի փորձառութեան` հարկադրուած է պատասխանել նոյն հրամայականներուն:
Իսկ ի՞նչ է մեր օրերու հրամայականը. կազմակերպում, կազմակերպուածութիւն, կազմակերպական նորարարութիւն:
Ինչպէ՞ս կազմակերպել հասարակութիւն մը, ուր մարդիկ կ՛աշխատին փոքր աշխատավայրերու մէջ, յաճախ սպասարկման ոլորտի (սերվիս սեքտոր) մէջ: Ինչպէ՞ս կազմակերպել հասարկութիւն մը, ուր բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը մնայուն կամ ժամանակաւորապէս դուրս մնացած է աշխատուժի շուկայէն: Ինչպէ՞ս կազմակերպել հասարակութիւն մը, որ մշակոյթով եւս միատարր չէ:
Ես կը հաւատամ, որ կուսակցութիւններն ու արհմիութիւնները պիտի շարունակեն կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ նաեւ մեր նորօրեայ հասարակութիւններէն ներս: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ կուսակցութիւնները, խորհրդարանական քաղաքականութիւնը է՛ եւ կը շարունակէ մնալ անփոխարինելի, եթէ ուզենք, յառաջադիմական բարեփոխումներ կիրարկել: Արհմիութիւնները, հակառակ իրենց այսօրուան տկար դիրքերուն, կը մնան հայ ուսուցիչին, հայ վարորդին, հայ հիւանդապահին արդար աշխատավարձի պաշտպանման միակ երաշխիքը:
Սակայն ո՛չ կուսակցութիւնը, ո՛չ ալ արհմիութիւնները պիտի կարենան զանգուածը- կազմակերպել այնպէս, ինչպէս անցեալին կրցան ընել եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւնները:
Իսկ նոյնիսկ եթէ կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն կազմակերպուիլ, անոնք պիտի չընդունին ղեկավարուիլ անցեալի նման «ամենագէտ առաջնորդներու» կողմէ:
Ուրեմն ինչպէ՞ս կը կազմակերպենք ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը: Ինչպէ՞ս կը կազմակերպուի այդ գաղափարախօսութեան դրօշակիր ՀՅ Դաշնակցութիւնը` յետարդիւնաբերական հայաստանեան իրականութեան մէջ:
Սկսելու համար անհրաժեշտ է փնտռել, նայիլ աւանդական մեր կազմակերպական կառոյցէն, նաեւ համակիր կազմակերպութիւններու շրջանակէն դուրս:
Իբրեւ ընկերվար-ժողովրդավարութեան հաւատացող կազմակերպութիւն` ՀՅԴ-ն պարտաւոր է ըլլալ այնտեղ, ուր հայ մարդը կայ, հոն, ուր հայ քաղաքացին իր ձայնը կը բարձրացնէ:
Սակայն այս չի նշանակէր, որ լոգանքի ջուրին հետ դուրս պիտի շպրտենք նաեւ երեխան: Որոշ կառոյցներ հրաշալիօրէն արդիական են եւ կը գործեն մինչեւ այսօր: Այդ կառոյցները անշուշտ պէտք է պահել եւ մանաւանդ` նորոգել. իսկ հինցած կամ ժամանակավրէպ կառոյցները պէտք է փոխարինել նորերով:
Կեանքը ցոյց կու տայ, որ հայրենիքի զարգացման ուժեղ կռուանը է՛ եւ պիտի մնայ հայ կինը:
Այսօր հայկական իրականութեան մէջ աշխատաւոր դասը հիմնականին մէջ կը բաղկանայ կիներէ:
Այսօր աշխատաւոր դասը նոյնիսկ չ՛ուզեր կոչուիլ աշխատաւոր:
Այսօր հայ կինը անհամեմատօրէն աւելի քիչ կը շահի` բաղդատած հայ տղամարդուն:
Այսօր կնոջ աշխատանքի պայմանները անապահով են: Հայ կինը լրիւ անպաշտպան է:
Այս անմխիթար կացութիւնը, որ կը տիրէ մեր հայրենիքին մէջ կարելի է դարմանել, նոյնիսկ վերացնել:
Ճիշդ չէ այն ինքնարդարացումները, որ մարդիկ չեն ուզեր կազմակերպուիլ, որ` անոնք չեն ուզեր հասարակութեան զարգացման նպաստել, որ` անկարելի է ժողովրդավարութիւնը միս ու ոսկորի նման մաս դարձնել մեր էութեան:
Մարդիկ կ՛ուզեն պաշտպանել իրենց իրաւունքները, կ՛ուզեն պաշտպանել հանրային ծառայութիւնները, անոնք մտահոգ են Հայաստանի անտառներով, հանքերով, Սեւանի ջուրով, երթեւեկութեան քաոսային վիճակով: Անոնք փողոց կ՛իջնեն պաշտպանելու համար յղի կիներու իրաւունքները, հայ դպրոցներու որակը, հայոց լեզուն: Անոնք կը կազմակերպուին փոքր խումբերով: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան մեր աչքերուն առջեւ.
սակայն մենք ունինք հիմնական մէկ խնդիր. հայ մարդու արդարութիւն պահանջող ձայնը հոն է: Բայց արդարութեան պահանջի ձայնը չի հասնիր մեզի. ինչո՞ւ:
Խնդիրը այն է, որ հայ մարդիկ կ՛աշխատին, կը փորձեն, կը ճգնին, սակայն այդ բոլորը դուրս կը մնան մեր տեսադաշտէն, քանի այդ բոլորը տեղի կ՛ունենան մէկ այլ տեղ, հեռու` կազմակերպական մեր կեանքէն, մեր կառոյցներէն դուրս:
Կարեւոր է` պէտք է գտնել այդ ձայները եւ արձագանգել:
Ապագայի ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը պիտի զարգանայ ցանցերու ճամբով: Մենք գործ ունինք մեղուախումբերու հետ, որոնք մէկ ու նոյն թմբուկի զարկին չեն հետեւիր, մէկ ու նոյն կուսակցութեան չեն քուէարկեր:
Եթէ կ՛ուզենք գոյատեւել, կենսունակ մնալ ապագային ալ, հարկադրուած ենք սորվելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է interact (փոխներգործօն) ընենք այս նոր գործիչներուն հետ:
Լսենք այս մարդիկը:
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

