«ՖԱՔԹԷՕՐ 301» ԿԱՅՔԷՋԻ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2011-Ի ԹԱՐՄԱՑՈՒՄՆԵՐԸ. «ՖԱՔԹԷՕՐ 301»-ԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ
Ստորեւ` հայկական հարցերու լրատուութիւններուն վերաբերող թրքատառ «Ֆաքթէօր -301» կայքէջի` www.factor301.com-ի դեկտեմբեր ամսուան բովանդակութիւնը։
Դեկտեմբեր ամսուան խմբագրականը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումը:
ԼՈՒՐԵՐ
Այս ամսուան լուրերն են.
1.- Մալեզիոյ մէջ պանդոկներու տէր Սարգիս եղբայրներու յաջողութիւնները:
2.- Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան կ՛այցելէ Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախարարին:
3.- 3 դեկտեմբերը Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոսի յիշատակման օր:
4.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեսակցութիւնը Բերիոյ թեմի ազգայիններու հետ եւ անոր ուղղած զօրակցական պատգամը` սուրիահայերուն:
5.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի տուած մամլոյ ասուլիսը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մասին:
6.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրումը Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիները իրենց պատմական տէրերուն վերադարձնել պահանջող թիւ 306 բանաձեւին:
7.- «Ազդակ»-ի հեռաձայնային զրոյցը Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանին հետ` Ֆրանսայի խորհրդարանին վաւերացուցած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին առնչութեամբ:
8.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեանի տեսակէտը Ֆրանսայի խորհրդարանին վաւերացուցած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծէն ետք:
9.- Թուրքիոյ 8 պատժական տնօրինումներ` Ֆրանսայի նկատմամբ:
ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
Այս գլխուն մէջ կը կարդանք Էրկուն Պապահանի` «1915-ը առանց քննարկելու` Տերսիմը չի քննարկուիր» խորագիրը կրող շատ կարեւոր յօդուածը:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
1.- Այս բաժնին մէջ կը տեսնենք 1894-1896 կոտորածներու ընթացքին Կարմիր խաչի կողմէ Քլարա Պարթոնի ծառայութիւնները:
2.- Նիքոլայ Յովհաննիսեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» քորէերէնի թարգմանուած գիրքը:
3.- Աւստրալիոյ խորհրդարանի կարգ մը անդամներ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար ճնշումներ կը կատարեն:
4.- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին այցը Ծիծեռնակաբերդ:
5.- Թուրքիոյ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ եւ երեսփոխան Սըրը Սաքըքի արտայայտութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին` խորհրդարանին մէջ մեծ տաղտուկ կը հանէ:
6.- Պրազիլեան Քամփինաս քաղաքը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
7.- Փաթրիք Տեւեճեանի տեսակէտը` Ֆրանսայի խորհրդարանին վաւերացուցած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին շուրջ:
ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ
Այս ամսուան հարցազրոյցը Թաներ Աքչամի հետ է:
ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ
1.- Սարօ Տատեանի վերջերս հրատարակուած թրքերէն երկու գիրքերուն մասին:
2.- Նոր սերունդ հայկական պարախումբին մասնակցութիւնը Սուրիոյ մշակութային փառատօնին:
ԱԿԱՆԱՒՈՐՆԵՐ
Ականաւորներու բաժինին մէջ կը կարդանք Յակոբ Մնձուրիի կենսագրականն ու գործունէութիւնը` անոր ծննդեան 125-ամեակին առիթով:
ՀԱՅԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ
Հայերու յուշատետրը կ՛անդրադառնայ.
1.- 1 դեկտեմբեր 1989-ի ԼՂԻՄ-ի եւ Խորհրդային Հայաստանի խորհրդարանները կ՛որոշեն միանալ:
2.- 7 դեկտեմբեր 1988-ին տեղի ունեցած Սպիտակի երկրաշարժը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
1.- ԱՊՀ երկիրներու միջկրօնական ժողով Հայաստանի մէջ:
2.- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին այցը Հայաստան:
3.- Հայաստանի նախագահին այցը Իտալիա եւ Վատիկան:
4.- Հայաստանի նախագահը Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:
5.- Դաշնակցական Արտաշէս Շահպազեանի մամլոյ ասուլիսը:
6.- Իրանի նախագահին այցը Հայաստան:
7.- Հայաստանի նախագահի շնորհակալական նամակը Ֆրանսայի նախագահին:
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
1.- ԼՂՀ-ի առնչութեամբ Սուրիոյ Հանրապետութեան միւֆթիին խիստ կարեւոր արտայայտութիւնը` «Սուրիան ԼՂՀ-ի հարցը կրօնական դիտանկիւնէ չէ, այլ ազգային ինքնորոշման իբրեւ արդար պահանջ կ՛ընկալէ»:
2.- ԼՂՀ-ի նախագահին այցելութիւնը Արժանթին:
3.- ԼՂՀ-ի նախագահին այցելութիւնը Ուրուկուէյ:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հոս տեղ տրուած է Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած չմշկածակցի Օրօրա Մարտիկանեանին մասին տեղեկութիւններ:
ԿԻԼԻԿԻԱ
Կիլիկիոյ բաժինին մէջ կը կարդանք թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ լոյս տեսած «Հաթայը 7 միլիոն ֆրանքով ձեռք ձգեցինք ֆրանսացիներէն» խորագիրը կրող նիւթը:
ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ
Սեւծովեան-կասպեան տարածաշրջանի քաղաքական եւ ընկերային հետազօտութիւններու հիմնարկի հրապարակած «Նախիջեւանը 20-րդ դարու եւ 21-րդ դարու սկիզբը, որոշակի փաստեր» յօդուածներու ժողովածուն լուսարձակի տակ կ՛առէ:
ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ
Երէկ եւ այսօր բաժինը կ՛անդրադառնայ Վանի Լիմ կղզիի վանքին ու Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մասին եւ անոր կողքին` իրարու կցուած երկու լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան անցեալի մէջ գոյութիւն ունեցած եւ այսօր ընդհանրապէս քանդուած վանքը: