ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԻՐԱՆԻ պաշտպանութեան նախարար զօր. Ահմետ Վահիտի իրանեան բանակի կամաւորներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ անգամ մը եւս զգուշացուց Իսրայէլը: Անդրադառնալով այն լուրերուն, թէ իսրայէլեան բանակը Երուսաղէմի շուրջ «Երիքով» տիպի հեռահաս հրթիռներ տեղակայած է, Վահիտի յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է պատասխան հարուած հասցնելու եւ Իսրայէլի դէմ 150 հազար հրթիռ արձակելու:

ԹԱԼԵՊԱՆ շարժումը խոստովանեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, Թալեպան շարժումը կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ վարելու համար Քաթարի մէջ գրասենեակ բանալու: Շարժումի պաշտօնական ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ նախորդ տարի ամերիկացիներուն հետ շարք մը գաղտնի հանդիպումներ ունեցած են Եւրոպայի եւ Ծոցի երկիրներուն մէջ: Անոնք նաեւ նշած են, որ մտադիր են Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւնները շարունակել:

 

Share this Article
CATEGORIES