ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՎՐԵՆԸ
Թուրքիոյ դատախազութիւնը պահանջած է 1980-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք Թուրքիան ղեկավարած 94-ամեայ Ահմեթ Քենան Էվրենը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտել:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ 7-րդ նախագահ Էվրեն, ինչպէս նաեւ թրքական բանակի նախկին հրամանատար Թահսին Շահինքայա կը մեղադրուին «յեղաշրջում կազմակերպելու» եւ «բռնի ուժով սահմանադրական կարգը տապալելու» յանցանքներով:
Այժմ դատարանը պէտք է որոշէ` դատական հոլովոյթը շարունակե՞լ, թէ՞ ոչ: Մեղադրող կողմը կը յայտարարէ, որ նախկին նախագահը պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ զինուորական յեղաշրջումէն ետք զինուորականներու կողմէ կիրարկուած համապարփակ խոշտանգումներուն համար:
Նշենք, որ տարիներ առաջ Քենան Էվրեն յայտարարած էր, որ եթէ իր դէմ դատական գործ սկսի, ապա ինք անձնասպանութիւն պիտի գործէ:
CATEGORIES Միջազգային


