ԵՒՐՕ-2012. – ՀԱՅԱՍՏԱՆ 0-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ ՀԻՒՐԻՆ` ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ – ՍՊԱՆԻԱ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ` ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ
Նախորդ շաբաթավերջին, Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, տեղի ունեցան 19 ճակատումներ` ինը խմբակներու մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռուսիոյ հետ:
Դանդաղ մրցում մը սկսելէ ետք Ռուսիա ղեկը սկսաւ իր ձեռքին մէջ առնել, սակայն կոլ նշանակելու անոր առիթները արդիւնք չտուին:
Բ. կիսախաղին սկիզբը Եուրա Մովսիսեան Հայաստանին ներկայացած լաւագոյն առիթը կորսնցուց, երբ մրցակիցին բերդէն հեռու հարուածեց:
Այս կորսուած առիթէն քանի մը վայրկեան ետք, Ալեքսանտր Քերզաքով իր կարգին կոլի առիթ մը չկրցաւ օգտագործել: Ան Այիրի եւ Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն ալ կոլ նշանակած էր:
Մրցումէն ետք Ռուսիոյ մարզիչ Տիք Ատվոքաթ ըսաւ, որ թէեւ արձանագրուած հաւասարութենէն գոհ է, սակայն իր կազմը շատ աւելի կոլի առիթ ստեղծեց, քան Հայաստան:
Նշենք, որ երկու կազմերը զտումի իրենց յաջորդ մրցումին դարձեալ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան յառաջիկայ 4 յունիսին` Ռուսիոյ մէջ:
Հայրենի կազմը Ա. կիսախաղի առաջին 15 վայրկեանին, ինչպէս նաեւ Բ. կիսախաղի կէսերուն, բաւական տպաւորիչ մրցում կատարեց, առանց սակայն ցնցել կարենալու Իկոր Աքինֆէեւի բերդին ուռկանը:
Իրենց արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Ռուսիա եւ Հայաստան մէկական դիրքով նահանջեցին: Ռուսիա նահանջեց 2-րդ դիրք, իսկ Հայաստան` 4-րդ:
Մրցումին իրաւարարն էր սկովտիացի Քրէյկ Թոմսըն:
Նշենք, որ օր մը առաջ (ուրբաթ) երկու խումբերուն վեթերաններուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ (3-3):
Ռուսիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Ռոման Պերեզովսքի, Լեւոն Հայրապետեան (Արտակ, Ետիկարեան, 67-րդ), Սարգիս Յովսէփեան, Ռոպերթ Արզումանեան, Կարլեն Մկրտչեան, Մարքոս Փիցելլի (Արթուր Ետիկարեան, 57-րդ), Էտկար Մալաքեան (Էտկար Մանուչարեան, 49-րդ), Գէորգ Ղազարեան, Եուրա Մովսիսեան, Հրայր Մկոյեան եւ Հենրիխ Մխիթարեան:
Նշենք, որ Հայաստան-Ռուսիոյ մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն մեծագոյն յաղթականները հանդիսացան Հոլանտա եւ Գերմանիա, որոնք 4-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեցին: Առաջինը` Հունգարիոյ դէմ, իսկ երկրորդը` Ղազախստանի դէմ:
Ղազախստանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Միրոսլաւ Քրոզը (3-րդ եւ 88-րդ) եւ Թոմաս Մէօլըր (25-րդ եւ 43-րդ) նշանակեցին Գերմանիոյ չորս անպատասխան կոլերը:
Իսկ Հոլանտայի կոլերը նշանակեցին Ռաֆայէլ վան տեր Վաարթ (8-րդ), Իպրահիմ Աֆելայ (45-րդ), Տըրք Քիւյթ (54-րդ), եւ Ռոպին Վան Փերսի (62-րդ):
Թիակօ Մոթթայի նշանակած կոլին շնորհիւ (73-րդ) Իտալիա 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սլովենիոյ դաշտէն:
Իսկ Տաւիտ Վիայի նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ (69-րդ եւ 73-րդ` փենալթիով) Սպանիա 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, հակառակ անոր որ հիւր կազմը` Չեխիա, Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով կը յառաջանար:
Վրաստան անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Խրուաթիան: Մրցումին աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ Լեւան Քոպիաշվիլի նշանակեց Վրաստանի կոլը:
Քարտիֆի մէջ Անգլիա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` Ֆրանք Լամփարի (7-րդ` փենալթիով) եւ Տերըն Պենթի (15-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ յաղթելով իր մրցակիցին` Կալեսի:
Լիւքսամպուրկի մէջ Ֆրանսա 2-0 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տէրերուն: Ֆիլիփ Մեքսես (28-րդ) եւ Եոհան Կուրքիւֆ (72-րդ) նշանակեցին Ֆրանսայի կոլերը:

