ԱՐՑԱԽ. ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ 250 ԱՆԳԱՄ ԽԱԽՏԱԾ Է ՀՐԱԴԱԴԱՐԸ

Արցախի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան գրասենեակին համաձայն, Ղարաբաղ – Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ 20-էն 26 մարտ երկարող շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանական բանակը շուրջ 250 անգամ խախտած է հրադադարը. սոյն խախտումներուն ընթացքին արձանագրուած է աւելի քան 1800 կրակոց:

Ազրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ արձակազէնային հրացաններէ կրակ բացած են սահմանային դիրքերու վրայ տեղակայուած հայկական գրեթէ բոլոր դիրքերուն ուղղութեամբ:

Հակառակ թշնամիին ցուցաբերած աշխուժութեան, Արցախի բանակին յառաջապահ ստորաբաժանումները լաւապէս պաշտպանած են շփման գիծը:

 

Share this Article
CATEGORIES