ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ապահովական ուժերը երէկ ամբողջ երկրին տարածքին զանազան յանցանքներով ձերբակալեցին 67 յանցագործներ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ծիրին մէջ արձանագրուած շարժումները Ռապիէն չեն ներառած` աւելցնելով, որ Դամասկոս միջամուխ չ՛ըլլար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:

Ալեն Աուն շեշտեց, որ պահանջուածը ներդաշնակ կառավարութեան մը կազմութիւնն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց, որ Հըզպալլա իր զէնքէն պէտք է կամովին հրաժարի` կանխարգիլելու համար անոր նկատմամբ յաւելեալ ատելութեան սերմանումը: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ բացարձակ զօրակցութիւն յայտնեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է պատրաստուիլ ապագային` պահպանելով ազգային սկզբունքներն ու քրիստոնեայ համայնքին ազատ գոյութիւնը:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են, որ պաղեստինեան Ֆաթհ ինթիֆատա կազմակերպութիւնը առեւանգած է 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները: Միւս կողմէ, Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը հերքեց այն լուրերը, թէ ճակատը որեւէ առնչութիւն ունի 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգումին հետ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ որեւէ ատեն հանդիպում մը կարելի է` վերջնականացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգող կողմը կը փափաքի Լիբանանի պատկերը մրոտել:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը պէտք է վայելէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հաւանութիւնը:

ԸՍՏ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին, Սուրիոյ կողմէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու անոր փափաքը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Միացեալ Նահանգներն ու ամերիկեան վարչակազմը պատասխանատու նկատեց Քորանի հրկիզման ոճրային արարքին` շեշտելով, որ անոնք պէտք է ներում հայցեն իսլամներէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ եւ Եգիպտոսի դեսպաններ Ալեքսանտր Զասպիքինն ու Ահմետ Պըտիաուին, որոնց հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Էլի Աուն շեշտեց, որ Լիբանան նոր կառավարութիւն մը կազմելու հարցի մը դէմ յանդիման չի գտնուիր:

 

Share this Article
CATEGORIES