ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԼՐՏԵՍՆԵՐՈՒ ՑԱՆՑ ՄԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԱԾ Է
Իրանի հետախուզութեան հարցերով նախարար Հէյտար Մոսլեհի յայտնեց, որ Իրանի մէջ ձերբակալուած են անձեր, որոնց շուրջ Միացեալ Նահանգներու օգտին լրտեսութիւն կատարելու կասկածներ գոյութիւն ունին: Անոնք լրտեսութեան մեղադրանքէն զատ կը մեղադրուին նաեւ 2 մարտին նշանակուած խորհրդարանական ընտրութիւնները տապալել ծրագրելու յանցանքով:
Ըստ նախարարին, ձերբակալեալները համացանցի միջոցով հաղորդակցութեան մէջ եղած են արտերկրի մէջ գտնուող իրենց կապին հետ: Սակայն անոնց թիւին, տարիքին եւ անուններուն մասին ոչինչ հաղորդեց:
Մինչ այդ, իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան լրտեսութեան յանցանքով ամբաստանուած իրանեան ծագումով ամերիկացի մը մահուան դատապարտած է: Իրանեան իշխանութիւններուն տուեալներով` 28-ամեայ Ամիր Միրզա Հեքմաթի համագործակցած է Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան հետ:
Իրանեան պատկերասփիւռի կայանը սփռած է Հեքմաթիին խոստովանութիւնը, թէ պէտք է անդամագրուէր իրանեան գաղտնի սպասարկութեան շարքերուն` ապատեղեկատուութիւն փոխանցելու համար: Սակայն իրանեան գաղտնի սպասարկութիւնը իմանալով գործողութեան մասին` ձերբակալած է զինք: Անոր ձերբակալման մասին յայտարարուած էր դեկտեմբեր 2011-ին:
Ըստ իրանեան պատկերասփիւռի կայանին, ան 2001-ին ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ, եւ տասը տարի հետախուզական դասընթացքներու մասնակցած: Իրան գալէ առաջ Հեքմաթի գտնուած է Աֆղանիստանի ամերիկեան Պաղրամ զօրակայանը:
Նշենք, որ ներկայիս Հորմուզի նեղուցին շուրջ Իրան-Արեւմուտք լարուածութիւն մը գոյութիւն ունի: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բարձրաստիճան հրամանատար Ալի Աշրաֆ Նուրի կիրակի օր յայտարարած էր, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը որոշէ իրանեան քարիւղի ներածման դէմ արգելք հաստատել, ապա Թեհրան Հորմուզի նեղուցը պիտի փակէ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա հակադարձելով յայտարարած էր, որ եթէ Իրան փորձէ Հորմուզի նեղուցը փակել, ապա Միացեալ Նահանգներ ուժով պիտի պատասխանեն: «Ատիկա այն կարմիր գիծն է, որ կարելի չէ անցնիլ, եւ մենք պիտի պատասխանենք ատոր», յայտարարած էր Փանեթա:
Նշենք, որ համաշխարհային քարիւղի մատակարարման 40 առ հարիւրը կը կատարուի Արաբական եւ Օմանի ծոցերը իրարու միացնող Հորմուզի նեղուցին ճամբով:


