ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի եւ տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութեան հետ:

Տնտեսական խորհուրդներուն կողմէ ներկայ գտնուեցան Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս եւ Պէյրութի ու Լեռնալիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի գրասենեակի նախագահ Մոհամետ Շուքէյր:

Հանդիպումին քննարկուեցան աշխատավարձերու սրբագրութեան կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն ողջունեց տնտեսական խորհուրդները, գործատէրերն ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը: Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են աշխատավարձերու յաւելման վերաբերող օրինագիծերը, անոնց դրական եւ ժխտական կէտերով` աւելցնելով, որ համաձայնած են զանոնք քննարկել նաեւ աշխատանքի նախարարին եւ Պետական շուրային հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ համաձայնագիրը օրինականացնել:

Զօր. Աուն դրուատեց հանդիպումին տիրած դրական եւ խաղաղ մթնոլորտը` մաղթելով, որ բանակցութիւնները հեզասահ ընթանան նաեւ աշխատանքի նախարարութեան եւ Պետական շուրային միջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES