ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԽՈՋԱԼՈՒԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔ ՈՐԴԵԳՐԵԼՈՒ

Ֆազիլ Մուսթաֆայեւ

Ազրպէյճանի Մեծ արարչագործութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆազիլ Մուսթաֆայեւ ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումէն ետք, ազրպէյճանական կողմը համարժէք միջոցառումներու պիտի ձեռնարկէ:

Ան աւելցուցած է, որ վերոնշեալ օրինագիծին որդեգրումէն ետք Ազրպէյճանի խորհրդարանը Խոջալուի մէջ «1992-ին հայերու կողմէ գործուած ցեղասպանութեան» վերաբերեալ համապատասխան օրէնք պիտի որդեգրէ:

«Այդ օրէնքը հիմնականին մէջ պիտի կիրարկուի ֆրանսացիներուն դէմ: Մենք կրնանք ատիկա ընել, եւ եթէ Ֆրանսայի ոեւէ քաղաքացի ժխտէ Խոջալուի ցեղասպանութիւնը, ապա անյապաղ պիտի բարձրացուի անոր ձերբակալման հարցը: Այդ օրէնքը պիտի կիրարկուի նաեւ Ազրպէյճանի ոեւէ քաղաքացիի դէմ», ըսած է ան:

Ֆրանսայի խորհրդարանը անցեալ ամիս որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, ըստ որուն, Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները մինչեւ մէկ տարի բանտարկութեան եւ 45 հազար եւրօ տուգանքի կ՛ենթարկուին:

Օրինագիծը մօտ օրէն պիտի քննարկուի Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES