ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐՄԷՆ ԱՇՈՏԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԼՈՆՏՈՆ

Արմէն Աշոտեան

Մեծն Բրիտանիոյ համալսարաններու եւ գիտութեան նախարար Տէյվիտ Ուիլեթսի եւ կրթութեան նախարար Մայքըլ Կուովի հրաւէրով, Կրթութեան նախարարներու համաշխարհային կրթական համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան երէկ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լոնտոն մեկնեցաւ:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ լոնտոնեան համաժողովին ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել կրթական համակարգերու բարեփոխման, քաղաքականութեան իրականացման, կրթութեան որակի ապահովման եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման վերաբերող հարցեր:

Համաժողովին կը մասնակցի նաեւ Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի նախագահ Դերենիկ Դումանեան:

Share this Article
CATEGORIES