ՃԱՏՐԱԿ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՎԻՅՔ ԱԱՆ ԶԻԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Հայրենի ճատրակի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 14-29 յունուարին տեղի ունենալիք Վիյք Աան Զիի միջազգային Ա. կարգի մրցաշարքին (Հոլանտա), որ կ՛իյնայ «Թաթա Սթիլ» փառատօնին ծիրին մէջ, կը յայտնէ armchess.am կայքէջը:
Անոր մրցակիցները պիտի ըլլան Քարլսըն, Ռաճապով, Թոփալով, Քարժաքին, Իվանչուք, Ղաշիմով, Նաքամուրա, Կելֆանտ, Քարուանա, Քամսքի, Կիրի, Նաւարա եւ Վան Վելի:
Հայրենի այլ կրանտմասթըր մը` Էլինա Դանիէլեան, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նոյն մրցաշարքի Գ. կարգի մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական


