Ի՞ՆՉ ԿԸ ԳՐԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ

Թրքական օրաթերթերը իրենց երեքշաբթի օրուան թիւերուն մէջ անդրադարձան Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ զօր. Իլքեր Պաշպուղի ձերբակալման վերաբերեալ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեանց, Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալահէտտին Տեմիրթաշի դէմ յարուցուած դատական հայցերուն եւ Պոլսոյ երրորդ կամուրջի կառուցման նուազուրդին:

Գրեթէ բոլոր օրաթերթերը անդրադարձան Պաշպուղի ձերբակալման շուրջ Էրտողանի խօսքերուն եւ նշեցին, որ Էրտողան ըսած է. «Ան գործընկեր մըն էր, որուն հետ երկու տարի աշխատեցանք: Կը ցանկամ, որ Պաշպուղ դատուի առանց ձերբակալուելու»: Ան յայտնած է, որ ինք կը յուսայ, որ Պաշպուղի դատավարութիւնը այդ ձեւով իր աւարտին հասնի:

«Միլլիյէթ», անդրադառնալով Տեմիրթաշի դէմ յարուցուած դատական հայցերուն, կը գրէ, որ այդ դատական հայցերը թրքական բանակի սպայակոյտը յարուցած է:

«Վաթան» եւ «Զաման» օրաթերթերը անդրադարձան Վոսփորի վրայ երրորդ կամուրջի եւ մերձակայ ճամբաներու շուրջ նուազուրդին: Օրաթերթերը կը հաղորդեն, որ երեքշաբթի օր տեղի ունեցած նուազուրդին մասնակցեցան 18 թրքական եւ օտար ընկերութիւններ: Մայրուղիներն ու նոր կամուրջը Ատափազար եւ Թեքիրտաղ նահանգները իրարու պիտի միացնեն: Անոնց երկարութիւնը 414 քիլոմեթր պիտի ըլլայ:

Թրքական օրաթերթերը իրենց երկուշաբթի օրուան թիւերուն մէջ լուսարձակները կեդրոնացուցած էին Պոլու եւ Տիւզճէ հիւսիսարեւմտեան նահանգներուն մասին Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ զետեղած ակնարկին, ինչպէս նաեւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալահէտտին Տեմիրթաշի յայտարարութեան նկատմամբ թրքական կառավարութեան հակազդեցութեան:

Թրքական գրեթէ բոլոր օրաթերթերը գրած էին, թէ Կիւլ, որ իր շաբաթավերջը Պոլսոյ մէջ անցուց, «Թուիթըր»-ի վրայ իր տեսակէտը յայտնած է հինգշաբթի եւ ուրբաթ օր Պոլու եւ Տիւզճէ նահանգներ իր կատարած այցելութեան մասին: Կիւլ անձրեւոտ օդին պատճառով շաբաթավերջին Պոլսոյ «Թարապիա Փալաս» պանդոկին մէջ մնացած է եւ «Թուիթըր»-ի վրայ իր 1.1 միլիոն համակիրներուն գրած է. «Բարեւ բոլորիդ: Պոլսոյ մէջ երկինքը ծածկուած է: Ես տունն եմ»: Խօսելով Պոլուի եւ Տիւզճէի մասին` ան գրած է. «Կառավարիչի գրասենեակի նոր շէնքերը վատ են: Պոլուի բնութիւնը հոյակապ է: Տիւզճէ երկրաշարժէն մնացած իր վէրքերը կը բուժէ: Բարի շաբաթավերջ»:

Թրքական օրաթերթերուն մէջ լայն տեղ գրաւած այլ նիւթ մըն էր թրքական կառավարութեան հակազդեցութիւնը քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Տեմիրթաշի թրքական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նեճտեթ Էօզելի հասցէին կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ «դուք մեզի համար նոյնիսկ ոչ յանձնարարեալ սպայ չէք»: Ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ «ան որ ՔԱԿ-ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չի կրնար կոչել, մեր սպայակոյտի պետը ոչ յանձնարարեալ սպայ կը կոչէ: Մենք ասոր դէմ ենք»: Կենսոլորտի նախարար Էրտողան Պայրաքթար իր կարգին ըսած է. «Մենք իրենց չենք արտօներ մեր բանակին մասին վատ խօսիլ»:

 

Share this Article
CATEGORIES