«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԹՈՒՐՔ-ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ «ՀԱՄԱԵՒՐՈՊԱԿԱՆԱՑՈՒՄ» ԹՈՅԼ ՊԻՏԻ ՉՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՊՈՒԶԵՔ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Եժի Պուզեք Ֆրանսային կոչ ուղղած է` Թուրքիոյ հետ խնդիրները լուծելու երկկողմ փոխյարաբերութիւններու ծիրին մէջ, եւ զանոնք համաեւրոպական մակարդակի մէջ քննարկելու անթոյլատրելիութիւնը նշած է:
«Մենք պէտք է խնդիրներու լուծումը ձգենք երկու երկիրներուն», ըսած է ան` շեշտելով, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ երկակի չափանիշեր չեն կիրարկուիր եւ քոփենհակընեան չափանիշերը ուժի մէջ են:
CATEGORIES Հայկական