ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ` ՄԵՍՍԻ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին` ազգային խումբերու մարզիչներուն եւ խմբապետներուն, ինչպէս նաեւ ընտրուած լրագրողներու կողմէ ապահովելով ձայներուն 47,88 առ հարիւրը: Երկրորդ դիրքը գրաւած Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ստացաւ ձայներուն 21,6 առ հարիւրը իսկ երրորդ հանդիսացած Զաւի` 9,23 առ հարիւրը:
Այսպիսով, 24 տարեկան Մեսսի հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Պարսելոնայի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա ընտրուեցաւ լաւագոյն մարզիչը` գերազանցելով Ալեքս Ֆերկըսընը (Մանչեսթըր Եունայթըտ) եւ Ժոզէ Մուրինիոն (Ռէալ Մատրիտ):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին, անոր տիրացաւ Հոմարէ Սաուա (Ճափոն), որ այսպիսով եկաւ վերջ դնելու պրազիլցի Մարթայի, որ վերջին հինգ տարիներուն գրաւած էր առաջին դիրքը:
Իսկ Պրազիլի եւ Սանթոսի յառաջապահ Նէյմարի նշանակած կոլը (Ֆլամենկոյի դէմ, Պրազիլի ախոյեանութիւն) ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն կոլը: