ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.»-Ի ՀԱՂՈՐԴՈՒՄԻՆ ԴԷՄ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչը երէկ «Էյ.Էն.Պի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտագիրի մը ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումի եւ պատմական անճիշդ տեղեկութեանց հաղորդման ու փաստերու խեղաթիւրման հարցով կապ հաստատեց նշեալ կայանի Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ` փոխանցելով Հայ դատի մարմինի եւ ընդհանրապէս հայութեան խոր ընդվզումը նման յերիւրածոյ եւ սուտ փաստարկներու հիմամբ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու ծառայող յայտագիրին առնչութեամբ:

Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչը նաեւ կապ հաստատեց «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանի Լոնտոնի գրասենեակին հետ` դարձեալ փոխանցելով Հայ դատի մարմինի եւ հայութեան ընդվզումը, միաժամանակ յայտագիրի կրկնութեան կասեցումը պահանջելով:

Զոյգ գրասենեակներու պատասխանատուներն ալ հասկացողութիւն ցուցաբերելով խոստացան նկատի առնել բողոքը եւ կապ հաստատել ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES