ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՄԸ ՄՕՏԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՂ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑ ՄԸ` ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ

Փետրուարի վերջաւորութեան ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ արեան քննութեան մը միջոցով կրցած են ճշդել, թէ որո՛նց մօտ մեծ եղած է երկրորդ տեսակի շաքարախտի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը` անոր ախտանշաններուն յայտնուելէն մօտաւորապէս տասը տարի առաջ:

Մասնագէտները մարդոց արեան մէջ հինգ տեսակի ամինօ թթուներու տարողութիւնը չափելով` կրցած են գտնել, թէ որո՛նց մարմինը հակամէտ եղած է երկրորդ տեսակի շաքարախտի յառաջացման վտանգին` անոր սկզբնական ախտանշաններուն յայտնուելէն մօտաւորապէս տասը տարի առաջ:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ տոքթ. Վիքթորիա Քինկ ըսած է, թէ շաքարախտի նշեալ տեսակին յառաջացման վտանգը այդքան կանուխ նախատեսելը կրնայ նպաստել, որպէսզի հետագային համեմատաբար նուազ ըլլայ անոր պատճառով մարմնին մէջ յառաջացած բարդութիւններուն տարողութիւնը: Նշեալ բարդութիւններէն են` սրտի հիւանդութիւններն ու կաթուածները, ինչպէս նաեւ երիկամներու հիւանդութիւնը, կուրութիւնն ու անդամահատութիւնը:

Տոքթ. Քինկ նշած է, թէ նման ուսումնասիրութիւն մը կրնայ նաեւ առիթ ընծայել, որպէսզի մասնագէտներ կարենան որոշ տեսութիւններ կազմել երկրորդ տեսակի շաքարախտ յառաջացնող պատճառներուն կապակցաբար:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ երկրորդ տեսակի շաքարախտի յառաջացման վտանգը ուշագրաւ կերպով առնչուած է գիրութեան ու ոչ առողջարար սննդականոնի հետ: Այսուհանդերձ, մասնագէտներ նման սննդականոն ունեցող ու գէր մարդոց առողջարար սննդականոնի հետեւիլ յանձնարարելով, ինչպէս նաեւ մարմնի հակակշռուած ծանրութիւն ունենալու կապակցաբար անոնց անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալով` կրցած են ոմանց մօտ որոշ չափով կասեցնել եւ կամ դանդաղեցնել շաքարախտի յառաջացման վտանգը, սակայն նշեալ տուեալներէն անկախ, կարելի չէ եղած ճշդել մարդոց շաքարախտի յառաջացման վտանգին հակամէտ ըլլալու իրողութիւնը:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները չափած են շաքարախտի որեւէ ախտանշան չունեցող երկու հազար չորս հարիւր քսաներկու հոգիի արեան մէջ եղող հինգ տեսակի ամինօ թթուներու տարողութիւնները: Այսուհանդերձ, անոնցմէ երկու հարիւր մէկ հոգիին մօտ, որ համեմատաբար բարձր տարողութեամբ ամինօ թթուներ ունեցած է արեան մէջ, շաքարախտ յառաջացած է տարիներ ետք:

Ամերիկացի այլ մասնագէտ մը` տոքթ. Ռոպըրթ Կրզթըն ըսած է, թէ տակաւին անհրաժեշտ է նշեալ ծիրին մէջ կատարել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` նախքան նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած սկզբնական արդիւնքները վերջնականացնելը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» եւ «Ա. ԷՖ. ՓԷ»

Share this Article
CATEGORIES
TAGS