ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԹԻԼԱԼԸ` 140-62 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ

Ռիատի Պէյրութ - Թիլալ մրցումէն

Երէկ, Ռիատի Պէյրութի դաշտին վրայ (Մանարա) սկսան Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան Ա. խմբակի զտումի մրցումները:

Հիւրընկալ կազմը` Ռիատի, ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակից Հիլալը (Եմէն)` 140-62 արդիւնքով:

Երէկուան երկրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Իրանեան երկու խումբերուն միջեւ, Զոպ Ահան 77-70 արդիւնքով յաղթեց Փեթրոշիմիի:

Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Ռիատիի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիատի Արամեքս (Յորդանան):

Այս մրցումին պիտի յաջորդէ (ժամը 18:00) Թիլալ – Փեթրոշիմի մրցումը:

Share this Article
CATEGORIES