ԿԱՐԹԵՐ

Մ. ԿԵՍԱՐԵԱՆ

Զարմանալի բաներ կը պատահին այս աշխարհի երեսին:

Ձկնորսներն ալ զարմանալի մարդիկ են: Ձկնորսները  շատ կը սիրեմ, ոչ միայն այն պատճառով, որ ձուկ ուտել կը սիրեմ, այլ կը հիանամ անոնց համբերութեան վրայ: Կը գնահատեմ ձկնորսները, քանի որ համբերատար մարդիկ ընդհանրապէս իմաստուն կ՛ըլլան: Անոնք կը սպասեն, որ ձուկը գայ, կերը շրջանցելով` խայծը տեսնէ, հոտոտայ, հաւնի, շուրջը դառնայ, մօտենայ, նորէն հեռանայ, վերադառնայ, կրկին մօտենայ ու յաճախ` կարծիքը փոխելով ձգէ-փախչի: Եւ յետոյ նորէն նոյնը: Քանի՞ անգամ: Ձուկը գիտէ: Քիչ մնաց մեղք գործելով «Աստուած գիտէ» պիտի ըսէի, բայց մտածեցի, որ մարդը իր այսքան զբաղումներուն մէջ գործ-բան ձգած, ձուկերո՞վ պիտի զբաղի: Ձուկերը ստեղծեր, յետոյ զանոնք իրենց ճակատագրին ձգեր է, որպէսզի ձկնորսները բռնեն, ծախեն, անմիջապէս տեղւոյն վրայ ուտեն (եթէ ճափոնցի են) կամ զանոնք աղի մումիայի վերածելով` ձկնորսութիւնը անկարելի դարձնող ձմեռնային բուքուբորանի վառարանին առջեւ մարդիկ հանգիստ ճաշակեն այդ վայրկեանին ցունամի դարձած ծովուն համը:

Առեւտրական կամ միայն խոհանոցային մտահոգութիւնները ձկնորսի գործունէութեան դրդապատճառները չեն անպայման. անոր համար ձկնորսութիւնը կրնայ պարզապէս մարզանք մը ըլլալ: Հարկաւ` համբերութեա՛ն մարզանք միայն, քանի մարմինը գրեթէ չի շարժիր:

Աթոռի մը վրայ կամ, աւելի գեղարուեստական ոճով, արեւարգել գլխարկը գլխուն, ծխախոտ մը բերնին անկիւնը շեղակի փակցուցած, ժայռի մը վրայ նստած` ձկնորսը կարթաձողը ձեռքին մէջ ամուր բռնած ժամերով կրնայ նստիլ ու ամէն բանի մասին մտածել. բայց մանաւանդ` ձուկին մասին, որ յամառօրէն կը մերժէ խայծը իր բերնին մէջ առնելով իջնել շուկայ կամ ստամոքս:

Բայց վերջաւորութեան, աւա՜ղ, ձուկը փախուստ չունի. ան ուզէ-չուզէ ճակատագրի գծած ուղին պիտի բռնէ. չար վայրկեանի մը պիտի գայ խայծին, փորձութեան յաւիտեանս դիմադրել չկարենալով պիտի բանայ բերանը, աւելի՛ պիտի զգայ խայծին քաշողական ուժը, լուսինը երկրին  շուրջ դառնալուն նման խայծի քաշողական դաշտին մէջ ատեն մը մոլորելէ ետք բերնին մէջ պիտի առնէ խայծը եւ «հըը՜ըմմ. ի՜նչ համով է» մտածելն ու «ա՛խ» ճիչը արձակելը մէկ պիտի ըլլայ: Պիտի յուսայ, որ ձկնորսը անցեալ անգամուան նման բարակ կեր մը դրած կ՛ըլլայ եւ նորին կտորն ալ պիտի գայ միանալու իր նախահօր կտորին, որ թեթեւ շարժումով մը ինք կրցած էր իւրացնել`  կոտրելով այդ անիծեալ բարակ կեռը: Բայց այս անգամ ձկնորսը խելք գործածած պիտի ըլլայ. մարդկային ոճրակե՛րտ խելք. աւելի հաստ կեր մը զետեղած պիտի ըլլայ: Եւ հակառակ ձուկի ճկուն ու ճարպիկ շարժումներուն, կերը պիտի մնայ կառչած իր ձկնասպան առաքելութեան: Ատկէ ետք` տապակային ճակատագիրը այլեւս անխուսափելի պիտի ըլլայ մեր ձուկին համար: Այսպէս չէ՞, միթէ, ամէն մեծ վայելքի աւարտը: Մեծ գործերն ու մեծ վայելքները նոյնքան մեծ զոհողութիւններ կը պահանջեն: Անպիտան որդը ինչքա՜ն գեղեցիկ էր. կարմի՜ր. ինչպէ՞ս կարելի էր դիմադրել:

Եթէ չըլլար ձկնորսի գործելաձեւին այս ոճրային ելքը ես ա՛լ աւելի պիտի սիրէի զինք: Ինչո՞ւ: Պարզապէս անոր համար, որ ձկնորսը խեղճ ձուկերէն զատ ուրիշ ոեւէ մէկու եւ բանի վնաս հասցնելով չի զբաղիր, մանաւանդ` մարդու վնաս չի հասցներ: Հազուադէպ պարագայ երկրագունդի երեսին: Ի զուր չէ, որ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներն ու աշկերտները ձկնորսներուն մէջէն ընտրեց: Ի զուր չէ նաեւ, որ ատենին նոր կրօնքի խորհրդանիշը ձուկը դարձաւ: Ձուկ մը կը գծէին եւ ամէն ինչ իրենց, բայց միայն ու միայն իրե՛նց համար բացայայտ կը դառնար: Ուրիշը բա՛ն չէր իմանար: Ձուկը` գաղտնի ստորագրութի՛ւն: Ձուկը` փարոլա՛: Ձուկը` զինանշա՛ն:

Այնպէս ինչպէս ձուկը կը ծառայէ ձկնորսին կարթի ծառայութեան միջոցով, կրօնքը, սկզբունքով, կը ծառայէ մարդուն` ձուկի՛ միջնորդութեամբ: Ուրեմն ձուկը արհամարելի էակ մէ չէ, հակառակ անոր որ շատ անգամ մանր խայծ մը բաւարար է զինք չէզոքացնելու համար: Հրաշագո՛րծ ձուկ, որ բազմութիւններու անօթութիւնը  կը յագեցնէ: Լսա՛ծ էք, չէ՞,  նախապէս խոհարար եղած նորընծայ քահանային կատակը: Իր առաջին քարոզը հրաշքի քարոզն է, որուն ընթացքին ան կ՛աւետէ, թէ կարելի եղաւ հարիւր ձուկով չորս անօթի կշտացնել: Պատարագին ներկայ եպիսկոպոսը մանր ճշդում մը կը կատարէ ըսելով` «Սխալ ես, տէր հայր. պէտք է ըսէիր, թէ միայն չորս ձուկով հարիւր հոգի կշտացաւ»: Իսկ պատրաստաբան նորընծան` «Ատիկա ալ հրա՞շք է. դուն, եթէ կրնաս, փորձէ՛ հարիւր ձուկ միայն չորս հոգիի կերցնել»: Խեղճ ձուկեր, թէ՛ պիտի ուտուին, թէ ծիծաղի առարկայ պիտի դառնան:

Ձկնորսը ուրեմն`  համբերատար, անվնաս ու առաքելատիպ մարդ, իսկ ձուկը` հրաշագործ: Երկուքն ալ արժանաւոր գոյակիցներ մեր երկրագնդային հրաշալի բնութեան մէջ: Ձկնորսութեան ատեն զիրար զբաղցնող. ժամանց` առանց մեծ ծախսերու: Իրարու խօսակից. Հեմինկուէյ էր, չէ՞, այդ գրողին անունը: Զիրար ամբողջացնող. մէկը ցամաքային է, միւսը` ծովային: Զիրար ուտող. մարդը` զձուկս եւ շանաձուկը` զմարդս: Եւ մասամբ նորին: Կատարեալ համերաշխութիւն:

Այս եւ այլ բարի յատկանիշներու կողքին ձկնորսը, անշուշտ, ունի նաեւ իր լուրջ թերութիւնները: Կ՛ըսեն, թէ ձկնորսները առհասարակ ստախօս կ՛ըլլան, բայց անձնապէս ասիկա մեծ թերութիւն մը չեմ համարեր: Աշխարհի երեսին ստախօսնե՞րը պակաս են, որ ես համբերատար ու անվնաս ձկնորսը պիտի այպանեմ իր այս ներելի թերութեան համար: Յետոյ գիտէ՛ք, չէ՞, մեծ սուտեր կան, պզտիկ սուտեր կան. սեւ սուտեր կան, ճերմակ սուտեր կան. աւերիչ սուտեր կան, փրկարար սուտեր կան: Ձկնորսին սուտերը միաժամանակ պզտիկ, ճերմակ ու փրկարար են: Մանաւանդ` զի՛նք կը փրկեն: Դուք ձեզ դրէք այն խեղճ ձկնորսին տեղը, որ ծովը, գետը կամ լճեզերքը կէս օր անցընելէ ետք պարապ սակառով տուն կը վերադառնայ, իսկ կազմ ու պատրաստ տանտիկինը տապակին իւղը տաքցուցած կը սպասէ գալիք ձուկերուն քիչ անդին հեւացող շան նման թքառատ բերանները բաց նստած երեխաներու ակնկալութիւններ մատնող աչքերու փայլքը մարելու վճռակամութեամբ:

Հիմա դուք վայրկեան մը երեւակայեցէք, թէ ինչի՞ պիտի ծառայէ տապակը, եթէ ճշդուած ժամուն ժամադրութիւն տուած ձուկերը չգան սահելու անոր մէջ: Բացառիկ երեւակայութեան տէր ըլլալու պէտք չկայ յստակ տեսնելու համար, որ տապակի ամէնէն հաւանական ճգնաժամային էջուղին անբախտ ձկնորսին գլուխն է: Հետեւաբար ձկնորսը ընտանեկան ողբերգութեան մը առաջքը առնելու առաջադրանքով, ծովէն, գետէն կամ լճեզերքէն վերադարձի ճամբուն վրայ, իր անմիջական շրջապատը մէկէ աւելի անգամներ մանրազննին քննելէ ետք, գաղտագողի պիտի մտնէ անկիւնի ձկնավաճառին քով իր այդ օրուան ձկնորսութեան ենթադրեալ արգասիքը իր քրտինքով շահուած դրամով գնելու նպատակով: Մէկ բան կը պահանջուի իրմէ միայն, որպէսզի արկածախնդրութիւնը երջանիկ աւարտ մը ունենայ. արթնամիտ պէտք է ըլլայ եւ իր աճապարանքին մէջ սխալ տեսակի ձուկ  չգնէ: Այսօր կարելի՛ է, չէ՞, Մատակասքար ապրիլ եւ ձկնավաճառին մօտ Հիւսիսային Ծովէն բերուած սառած ձուկեր գտնել: Այդպիսի սխալով մը խայտառակութիւնը կրկնակի կ՛ըլլայ: Իր ճաղատ գլխուն վրայ ստիպողական վայրէջք կատարելիք տապակը նախընտրելի է, քանի անոր ձգելիք հետքը շուտով կը սպիանայ, մինչդեռ միւս խայտառակութիւնը կը տարածուի բերնէ բերան եւ սերունդէ սերունդ զուարճախօսութեան նիւթ դառնալով սրճարաններու յաճախորդներուն համար եւ թերթերու սիւնակներուն մէջ:

Ուրեմն ձկնորսը ժպիտով պիտի գայ տուն «Ահաւասիկ այսօրուան բերքը» հպարտութեամբ բացագանչելով, ճիշդ ընտրուած ձուկերը նոյնպէս պիտի ժպտան տնեցիներուն, պիտի մտնեն տապակ, պիտի կարմրին, պիտի կշտացնեն, պիտի ուրախացնեն: Թէ՛ ձկնորսը, թէ՛ տանտիկինը, թէ՛ երեխաները պիտի ըլլան գոհ ու երջանիկ: Ճիշդ չէ՞ր ձկնորսին ըրածը: Կ՛արժէ՞ր այլ կերպ լուծել ծովու, գետի կամ լճային ձուկերու ապերախտ դիրքորոշման խնդիրը, որոնք այդ օրը մեր ձկնորսին խայծերը իրենց քիթին չդնելով գացած էին օտար տապակներու մէջ տապկուելու: Իրենց համար ի՞նչ էր տարբերութիւնը:

Անոնց ճակատագիրը նոյնը պիտի ըլլար: Հոն ուր ձուկ կայ, կան ձկնորսներ ու կարթեր ձուկերուն համար յոռետես ըլլալու ամէն պատճառ առկայ է: Անոնք տապակներէն ազատելու համար ուրիշ միջոցներու դիմելու մասին պէտք է մտածեն. Յոռետեսութիւնը ապշադէմ լաւատեսութեան կարելի է վերածել միայն զարմացնող ճակատագրապաշտութեամբ. նաեւ ուղեղի ճիգով` ձկնորսներն ու իրենց խայծերը խաղի բերելով:

Ես ձկան իւղի մասին լսած եմ. իսկ ձկան ուղե՞ղը …

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES