ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՆԱՈՒԱՖ ՍԱԼԱՄԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԻ ՄՈՒՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամը, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարելիք այցելութեան վերջնական նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ լիբանանեան կողմին միջեւ քննարկուելիք թղթածրարները:
Նշենք, որ Քի Մուն այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը կը ժամանէ Լիբանան:
Նախագահ Սլէյման դրուատեց Սալամի ջանքերը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին Լիբանանի կեցուածքները ներկայացնելու առումով:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են նախարարութեան աշխատանքին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ռեմոն Խաթթար, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի: