ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԻ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ԴՐՈՒԵՑԱՒ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Երէկ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնները միացեալ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով շրջանառութեան մէջ դրին Ընտրական օրէնսգիրքին, Ազգային ժողովի կանոնակարգին եւ Սահմանադրական դատարանի մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրինագիծերու ծրար մը, որով կ՛առաջարկեն Ազգային ժողովի ներկայ խառն ընտրակարգէն անցում կատարել 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի:

27 դեկտեմբեր 2011-ին խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հանդէս եկած էին միացեալ յայտարարութեամբ` առաջարկելով ջնջել մեծամասնական ընտրակարգը եւ անցում կատարել 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի:

Այս առաջարկը մինչեւ հիմա պաշտպանած եւ ողջունած են Հայ ազգային քոնկրեսը, Ազատ դեմոկրատները, Շրջադարձ, Ժողովրդական, Հայաստանի ռամկավար ազատական, Ազգային ժողովրդավարական, Հայաստանի աշխատաւորական ընկերվարական, Միաւորուած աշխատանքային, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնները, քաղաքական ու քաղաքացիական բազմաթիւ խումբեր ու մտաւորականներ:

Share this Article
CATEGORIES