ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ. «ԱՅՍՊԻՍԻ ՎԻՃԱԿ ԱՆՅԱՐԻՐ Է ՄԵՐ ԲԱՆԱԿԻՆ»

Արմէն Ռուստամեան

Հայոց բանակին մէջ զոհուած զինուորներուն ծնողները երէկ հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հետ: Անոնք փափաք յայտնեցին, որ յառաջիկայ օրերուն քննարկում մը կազմակերպուի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Հրայր Կարապետեանի եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի հետ:

Ա. Ռուստամեան նշեց, որ ծնողներուն պահանջը պիտի բաւարարուի. յառաջիկայ օրերուն հանդիպումը անպայման տեղի պիտի ունենայ: «Ես ալ ներկայ պիտի ըլլամ հանդիպման, եւ պիտի ընենք ամէն ինչ` ձեր գործերը վստահելի հունի մէջ դնելու համար: Այսպիսի վիճակ յարիր չէ մեր բանակին», ընդգծեց Ռուստամեան:

 

Share this Article
CATEGORIES