ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՐՏԱՇԷՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐԻԱ ՔՈՒՐՍՈՎԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Մարիա Քուրսովա (ձախին) եւ Նելլի Աղինեան

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ճատրակի տղոց (72-րդ) եւ աղջկանց (67-րդ) ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցան 2-րդ հանգրուանի հանդիպումները:

Արտաշէս Մինասեան եւ Մարիա Քուրսովա արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Լեւոն Փապուճեանը եւ Նելլի Աղինեանը:

Սամուէլ Տէր Սահակեան կորսնցուց իր առաջին կէս կէտը, երբ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հրայր Սիմոնեանի հետ:

Տիգրան Լ. Պետրոսեան յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Աւետիք Գրիգորեանը:

Իր կարգին, Զաւէն Անդրէասեան կորսնցուց իր առաջին կէս կէտը, երբ հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ Կարէն Գրիգորեանէն:

Իրենց առաջին կէս կէտը կորսնցուցին նաեւ Լիանա Աղաբեկեան, Լիա Մարտիրոսեան եւ Աննա Հայրապետեան, որոնք այժմ ունին 1,5-ական կէտ:

Share this Article
CATEGORIES