ՀՈՆԿ ՔՈՆԿԻ ՄԷՋ ԱՂԲԻ ՀԱՄԱՐ ՏՈՒՐՔ ՊԻՏԻ ԳԱՆՁՈՒԻ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հոնկ Քոնկի իշխանութիւնները կը պատրաստուին բնակչութենէն աղբի համար տուրք գանձելու: Իշխանութեան այս որոշումը արդէն բնապահպաններու հաւանութեան արժանացած է:
Կ՛ենթադրուի, որ տուրքի գումարը կախեալ պիտի ըլլայ աղբի քանակէն: Ներկայիս Հոնկ Քոնկ օրական 19 հազար թոն աղբ «կ՛արտադրէ», եւ այդ ծաւալին միայն 52 առ հարիւրը կը մշակուի:
Ըստ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան, Հոնկ Քոնկի իւրաքանչիւր բնակիչին տարեկան բաժին կ՛իյնայ 921 քիլօ աղբ, մինչ Ճափոնի մէջ անիկա 410 քիլօ է, իսկ Հարաւային Քորէայի մէջ` 380 քիլօ:
Առայժմ աղբի համար տուրք գանձող երկիրներն են Ճափոնը, Հարաւային Քորէան, Նոր Զելանտան եւ Թայուանը:
CATEGORIES Միջազգային