ԱՊՕՐԻՆԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ԵՒ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐՆԵՐ

16 մարտ 1921-ին ստորագրուած Մոսկուայի պայմանագիրը միակը չէ` իր հարցական կարգավիճակով եւ դրութեամբ:

Արդարեւ, դեկտեմբեր 1920-էն հոկտեմբեր 1921… տաս ամիսներու ընթացքին երեք պայմանագիրներ ստորագրուեցան: Առաջինը` Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը (3 դեկտեմբեր, 1920-ին), երկրորդը` վերոյիշեալ թուականին կայացած Մոսկուայի պայմանագիրը եւ, վերջապէս, Կարսի պայմանագիրը` 13 հոկտեմբեր, 1921-ին:

Դժբախտաբար երեք փաստաթուղթերն ալ կը կրեն պայմանագիր անուանակոչումը, այնուամենայնիւ, անոնցմէ ոչ մէկը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած` կարելի է պայմանագիր որակել:

Հոս տեղին է փաստագրութիւններով նշել, թէ կնքելու ընթացքին եւ ժամանակամիջոցին վերոյիշեալ երեք պայմանագիրներն ալ ապօրինի պայմաններու տակ կայացած են:

Թուրքիոյ կողմէ ոչ մէկ ներկայացուցիչ ներկայ եղած է այս պայմանագիրներուն: Այլ 1920-1921 տարիներուն վրայ երկարող Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ գործուղուած ապստամբական շարժման գործադիր մարմինն էր պայմանագիրը ստորագրողը:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ 29 հոկտեմբեր, 1923-ին, թուական մը, որ պայմանագիրներէն ետքն է, եւ միայն այդ օրէն ետք կարելի է խօսիլ քեմալականներու օրինական իշխանութեան մասին: Իսկ գործող սահմանադրութեան եւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած` այդ երեք պայմանագիրներու կարճ ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ օրինական իշխանութիւնը  սուլթան-խալիֆան էր, որ փաստօրէն ներկայ չէր:

Օրին, տասնեակէ մը աւելի պետութիւններէ բաղկացած, Խորհրդային Միութիւն կոչեցեալ դաշնակցութիւն-պետութիւնն ալ այդ օրերուն հարցական էր: Ըստ միջազգային իրաւունքի մասնագէտներուն, այս հանրապետութիւնները բացարձակապէս չեն ունեցած միջազգային ինքնութիւն եւ բնականաբար իրաւասու չեն եղած կնքելու միջազգային պայմանագիրներ:

Այս գծով, Սպիտակ տան ծերակոյտն ալ, 3 յունիս, 1924-ին պաշտօնապէս լոյս ընծայուած թիւ 245 բանաձեւով, յստակօրէն հաստատած էր, թէ Հայաստանի պետութիւնը կործանած է` ի հետեւանք Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ համատեղ գործունէութեան:

Յստակ է եզրակացութիւնը… Ապօրինի փաստաթուղթերու արդիւնք` «ծախուած» են Կարսն ու Նախիջեւանը:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

16 մարտ, 2011

Share this Article
CATEGORIES