ԵԱՀԿ-Ի ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻՆ ՀԵՏ ՍԵՐՏՕՐԷՆ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆՔ»
Իրլանտա 1 յունուարին ստանձնեց ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր այս շաբաթ աւելի կանուխ ներկայացուց կազմակերպութեան մէջ Իրլանտայի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը այլ հարցերու կարգին յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ աշխատանք տանիլ սովորական սպառազինութիւններու, համացանցային սպառնալիքներու, թմրեցուցիչի փոխադրման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ տագնապներու կանխարգիլման եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ:
Ան ընդգծեց, որ օրեր առաջ ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ տագնապներու հարցով երկու յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած է, մէկը` մերձտնեսթրեան տագնապի լուծման հարցով, միւսը` Հարաւային Կովկասի:
Կիլմոր շեշտեց, որ այս տարի կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար մտադիր է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ սերտօրէն համագործակցիլ:


