ԷՐԻՔ ՌՈՒՊԻՆ 18 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Էրիք Ռուպին

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Ասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպին 18 յունուարին Ազրպէյճան պիտի այցելէ:

Այցելութեան ընթացքին Ռուպին հանդիպումներ պիտի ունենայ ազրպէյճանցի շարք մը պաշտօնատար անձերու հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր:

Ռուպին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Ասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ նշանակուեցաւ անցեալ տարուան յուլիսին` փոխարինելով Թինա Քէյտենաուը:

 

Share this Article
CATEGORIES