ԹԵՀՐԱՆ ԾՈՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Մոհամետ Ալի Խաթիպի

Իրան Արաբական ծոցի երկիրները զգուշացուց իրանեան քարիւղի ներածման դէմ արգելքի հաստատման պարագային միջազգային շուկային մէջ իրանեան քարիւղի բացակայութիւնը փոխհատուցելու քայլէն:

Իրանեան «Շարք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՕՓԵՔ-ի մէջ Իրանի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ալի Խաթիպի յայտնած է, որ «Պարսից ծոցին մէջ քարիւղ արտածող երկիրները, եթէ իրանեան քարիւղի բացակայութեան բացը գոցելու կանաչ լոյսը տան, պատահելիքին համար իրենք պատասխանատու պիտի ըլլան»:

Իրանեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Հորմուզի նեղուցի հարցին շուրջ Իրանին պատգամ մը փոխանցած են:

Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ «ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սիւզըն Ռայս իրանցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Խազայիի նամակ մը փոխանցեց: Թեհրանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանը նամակին բովանդակութիւնը փոխանցեց, վերջապէս Իրաքի նախագահ Ժալալ Թալապանի եւս նամակին բովանդակութիւնը փոխանցեց Իսլամական հանրապետութեան մէջ պատասխանատուներու»:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքը անկայունութեան հանգրուան կրնայ մուտք գործել, եթէ իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ տագնապը բարդանայ եւ Իրան իր հիւլէական փառամոլութենէն չհրաժարի:

Հէյկ բրիտանական «Սանտէյ Թելեկրաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրանեան հիւլէական թղթածրարի տագնապը կը բարդանայ, եւ գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ այս տարուան ընթացքին աւելի մեծ տագնապի մը կրնայ վերածուիլ:

Բրիտանիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ իր երկիրը Իրանի հիւլէական թղթածրարին լուծման համար զինուորական ընտրանքին համակիր չէ` նշելով, որ ինք «երկար ժամկէտի վրայ որեւէ ընտրանք չի բացառեր», որովհետեւ տնտեսական պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը միշտ արդիւնաւէտ չէ, սակայն ներկայիս Իրանի վրայ ճնշումը բարձրացնելու լաւագոյն ձեւն է:

 

Share this Article
CATEGORIES