ՕՊԱՄԱ – ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը:
Էրտողան եւ Օպամա Իրանի հիւլէական ծրագիրին եւ այդ հարցին առնչութեան Թեհրանի հետ հաւանական բանակցութիւններ կատարելու հարցին վերաբերեալ կարծիքներ փոխանակած են: Քննարկուած է նաեւ այդ բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ` միջնորդի դերակատարութիւն ստանձնելու հարցը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Օպամա եւ Էրտողան իրենց աջակցութիւնը յայտնած են «յանուն ժողովրդավարութեան պայքարող սուրիացի ժողովուրդին» եւ դատապարտած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը:
Ըստ Թուրքիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեւած է շուրջ 45 վայրկեան:իպի

