ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՈՒԱՖԱ ՆԱՊԻ ՇԻԹ – ՀՄԸՄ` 1-1
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Խիարայի մէջ (Պեքաա) Ժամալ Ապտել Նասեր դաշտին վրայ տեղի ունեցած Ուաֆա Նապի Շիթ – ՀՄԸՄ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը Ա. կիսախաղը աւարտեց 1-0 արդիւնքով, երբ Յակոբ Տօնապետեան 3-րդ վայրկեանին բացաւ հաշիւը:
78-րդ վայրկեանին Նապի Շիթ նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը 88-րդ վայրկեանին կրնար փենալթի մը տալ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի եւ կարմիր քարտ մը մրցակիցին մէկ յետսապահին, սակայն ան ոչ մէկ քայլ առաւ եւ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Մրցակիցին քառակուսիին մէջ նոյնինքն Տօնապետեանի դէմ կատարուած ֆաուլը ան փենալթի չսուլեց:
CATEGORIES Մարզական