ԺԽՏՈՂԱԿԱՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ «ՆՈՒՎԵԼ ՕՊՍԵՐՎԱԹԷՕՐ»-Ի ՄԷՋ` «1915-Ի ՋԱՐԴԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹԸ ՉԷ ՓԱՍՏՈՒԱԾ»

Ժան Տանիէլ

«Նուվել Օպսերվաթէօր» շաբաթաթերթի յունուար 5-ի թիւին մէջ թերթին հիմնադիր-խմբագիրը` Ժան Տանիէլ, ստորագրած է պատժելիութեան օրէնքը քննադատող խմբագրական մը, որ միաժամանակ իր բնոյթով ինքնաբերաբար կ՛արդարացնէ նման օրէնքի անհրաժեշտութիւնը:

Նախ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին, ան, թուրքերուն նման, կը չակերտէ բառը` վերջն ալ հեգնանքով ըսելով, թէ` «Արդէն կը զգամ, որ ասով իսկ օրէնքին դէմ կը գործեմ»:

Ապա կը գրէ բառացիօրէն. «Քաղաքական դէմքերը չեն կրնար յաւակնիլ բարձրագոյն պատասխանատուութիւններու եւ պետական դէմքի կարգավիճակի, եթէ չանդրադառնան, որ այլ երկիր մը «ցեղասպանութիւն» գործած ըլլալու մեղադրանքով ամբաստանելը ողբերգութեան մը մասին, որ դեռ կը շարունակէ պառակտել պատմաբանները, մինչ կը պատրաստուինք նշելու Ալճերիոյ անկախացման 50-րդ տարեդարձը, երկիր մը, ուր ֆրանսացիները պատերազմ մղեցին եւ երբեմն «ցեղասպանական» գործողութիւններ մղած ըլլալու յանցանքով ամբաստանուեցան, ապշեցուցիչ կուրութեան մը փաստը տալ է»:

Մէկ խօսքով, Ժան Տանիէլ կ՛ընէ կատարեալ թրքական քարոզչութիւն, ճիշդ ու ճիշդ նոյն` թրքական պատճառաբանութիւններով, թուելով իրարու ետեւէ` դէպքեր պատահեցան, բայց ցեղասպանութիւն չէր, հարցը պատմաբաններուն պէտք է թողուլ, Ֆրանսա ինք իր ըրածներով թող զբաղի® եւ այլն: Թուածներէն միայն մէկը հաւանաբար իրականութեան ամէնէն շատ կը համապատասխանէ, երբ կ՛ըսէ, թէ ներկայի զարգացումները ընտրական հաշիւներու հետեւանք են:

Անցողակի, կու տայ ցեղասպանագիտութեան դաս մըն ալ` ըսելով, թէ` «Հաւաքական ստուար կամ նուազ ստուար սպանութիւններու առկայութիւնը չի բաւեր պատահածը ցեղասպանութիւն որակելու համար, այլ պէտք է առկայ ըլլայ նաեւ բնաջնջելու միտումը: Այդ միտումը բացարձակապէս չէ փաստուած թուրքերու կողմէ հայոց դէմ գործուած ջարդերու պարագային»:

Բայց Ժան Տանիէլ այսքանով ալ չի գոհանար ու «լուալու համար ճերմակէն աւելի ճերմակ»` կարկինը կը բանայ մինչեւ Իսրայէլ, որուն մասին մտահոգ է, որովհետեւ` «Կ՛իմանամ, որ իսրայէլացիները սխալելու մենաշնորհը չեն ուզեր թողուլ ֆրանսացիներուն: Իրենք ալ կը պատրաստուին քուէարկելու ի նպաստ հայոց այն փափաքին, որ ցեղասպանեալ ժողովուրդ մը նկատուիլն է»: Ու կը փորձէ ցոյց տալ, թէ Կազայի գօտիի դէպքերէն ետք, որքան սխալ է այսքան «չնչին» բանի համար «Թուրքիոյ նման մահմետական հզօր, անփոխարինելի դաշնակից մը» կորսնցնելու գործընթացը իր լրումին հասցնելը:

Share this Article
CATEGORIES