ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ` ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԿԵՐԸ»
Կիրակի, 15 յունուար 2012-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոսին Հայրապետական պատգամի ընթերցումով սկիզբ առաւ «Հայ գիրքի տարի»-ն:
ինչպէս ծանօթ է, հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ներկայ տարին Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս 2012 տարին հռչակեց «Հայ գիրքի տարի»:
Իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառը ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք 500 տարուան հայ գիրքի երկար ճանապարհը, շեշտը կը դնէ ներկայ ժամանակներուն հայ գիրքին նկատմամբ մեր ունեցած հաւատարմութիւնը աւելի զօրացնելու հրամայականին վրայ: Հայրապետական պատգամին վերջին բաժինին մէջ վեհափառը կոչ կ՛ուղղէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ըսելով.
ա) Կոչ ուղղել մեր մտաւորականներուն ու գրողներուն` որակ ունեցող եւ ոգի ու պատգամ փոխանցող գիրքեր հրատարակելու, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները լայնօրէն ըմբոշխնեն հայ գիրքէն ճառագայթող արժէքները:
բ) Յատուկ աշխատանք տանիլ, որպէսզի ունեւոր ազգայիններ օգտակար հանդիսանան հայ գիրքի տպագրութեան` մեկենաս դառնալով եւ կամ հրատարակչական հիմնադրամներ հաստատելով:
գ) Քաջալերել, որ հայ ընտանիքներուն մէջ հայ գիրքը դառնայ մնայուն ներկայութիւն` տնային յատուկ գրադարաններ հաստատելով ու ընթերցանութեան յատուկ կարեւորութիւն տալով:
դ) Գնահատել հրատարակչատուներու կատարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը` միաժամանակ յիշեցնելով, որ մատչելի գիներ ճշդելով եւ գործնական միջոցներու դիմելով առաւելագոյն չափով տարածեն հայ գիրքը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
ե) Հետապնդել, որ մեր դպրոցներուն, կազմակերպութեանց ու համայնքային կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ հայաշատ թաղամասերուն մէջ գրադարաններ հաստատուին, որպէսզի հայ գիրքին հետ հայ մարդուն մտերմութիւնը ըլլայ անմիջական ու մնայուն:
Կիրակի առաւօտ վեհափառը անգամ մը եւս շեշտեց հայ գիրքի առանցքային կարեւորութիւնը հայ կեանքին մէջ` ըսելով, թէ «հայ գիրքը պէտք է դառնայ մեր սիրելի ընկերը` հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին, հայ միութեան ու հայ կեանքին մէջ միշտ մնալով պայծառակերպիչ ու հարստացուցիչ ներկայութիւն»: