ՃԱՏՐԱԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ
– ԿԱՐԷՆ ԽԱԼՈՅԵԱՆ ԵՒ ՆԱՐՕՏ ԳԸԼԸՊՈԶԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ
– ՎԱՀԱԳՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ, ՔԱՐԼՕ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ, ՀՐԱԿ ԳԸԼԸՊՈԶԵԱՆ ԵՒ ԺԻՐԱՅՐ ՕԳՆԱՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ
Կիրակի, 27 մարտին աւարտեցան Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները, որոնք տեղի ունեցան Ժամհուրի վարժարանին մէջ` երկու հանգրուանով: Առաջին հանգրուանի մրցումները` տեղի ունեցան 19 եւ 20 մարտին, իսկ երկրորդ հանգրուանի մրցումները` 26 եւ 27 մարտին:
Այս ախոյեանութեան 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Վահագն Ղազարեան 4,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ, իսկ Ռուբէն Մարտիրոսեան 4 կէտով գրաւեց երրորդ դիրքը:
Նոյն դասակարգին մէջ, Նարօտ Գըլըպոզեան 5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ ախոյեան: Երկրորդ հանդիսացաւ Նանօր Առնելեան (4 կէտ), իսկ երրորդ` Սինթիա Թաշճեան (2,5 կէտ):
10 տարեկանէն վար, ուր պայքարը եղաւ բաւական սուր, Կարէն Խալոյեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով եւ առաւելագոյն 6 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ ախոյեան: Լեւոն Գալայճեան 4,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ:
12 տարեկանէն վար Քարլօ Դարբինեան 5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Փասքալ Պետրոսեան եւ Հայկ Աւետիս հանդիսացան երրորդ (4-ական կէտ):
12 տարեկանէն վար, Մարինա Գարակիւլէյեան 3,5 կէտ ապահովելով, հանդիսացաւ ախոյեան: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին` Քարինա Գարակիւլէյեան (3 կէտ) եւ Քարին Թաշճեան (2,5 կէտ):
14 տարեկանէն վար Միրէյ Թաշճեան 2 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ:
14 տարեկանէն վար Հրակ Գըլըպոզեան 5 կէտ ապահովելով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
16 տարեկանէն վար Նարեկ Նաճարեան 4,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ:
Վերջապէս, 20 տարեկանէն վար Ժիրայր Օգնայեան 4 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ:



