ԻՐԱՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՊԱՀԱԿԱԳՈՒՆԴԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՆՔ»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի զինուորներ կը տողանցեն

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը, անդրադառնալով պահակագունդին մաս կազմող «Երուսաղէմի ջոկատ»-ի ցոյցերը ճնշելու համար սուրիական վարչակարգին զէնքի մատակարարման մասին ամերիկեան տեղեկագիրներուն, վստահեցուց, որ մինչեւ հիմա սուրիական ներքին հարցերուն չէ միջամտած:

Պահակագունդէն աղբիւր մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերը ներքին հարց մը կը նկատէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ յանձնառու կը մնայ Դամասկոսի հետ կնքուած հասարակաց պաշտպանութեան համաձայնութեան եւ արտաքին յարձակումի ենթարկուելուն պարագային Սուրիան առանձին պիտի չձգէ:

Աղբիւրը նշեց, որ «մենք մինչեւ հիմա Սուրիոյ մէջ կացութիւնը լաւ կը նկատենք»` աւելցնելով, որ «առնուազն մեր սուրիացի եղբայրները կ՛ըսեն, թէ լաւ է, եւ երկու ամսուան ընթացքին վճռական աւարտ կը նախատեսեն»: Սակայն նշեց, որ «միակ բանը, որմէ կը վախնանք, բանակին պառակտումն է, բան մը, որ մինչեւ հիմա չեղաւ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի-Մուն Ապու Տապիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը «անընդունելի» է` յոյս յայտնելով, որ «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այս երկրին մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար աւելի համակարգուած եւ լուրջ կերպով վարուի»:

Միւս կողմէ, ըստ «Հայաթ» օրաթերթի տուեալներուն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է տասը օր ետք Մոսկուա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունենալիք հանդիպումին կարեւորութիւնը: Այդ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ կացութեան մասին արաբ դէտերուն հրապարակելիք երկրորդ զեկուցումէն ետք: Ան նախատեսած է, որ այդ հանդիպումէն ետք «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միջամտէ սուրիական տագնապին մէջ, որովհետեւ խորհուրդին մէջ Մոսկուայի կեցուածքին կարիքը կայ»:

Տաւութօղլու վստահեցուցած է, որ ինք «գրաւ կը դնէ սուրիական վարչակարգին նկատմամբ ռուսական կեցուածքի հանգրուանային փոփոխութեան վրայ, որովհետեւ Մոսկուա ստիպուած է իր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկելու, մանաւանդ որ չի կրնար տապալումը վճռուած եւ վերջ գտած սուրիական վարչակարգին սիրոյն միջազգային ընտանիքին հետ թշնամանալ, եւ ռուսական կեցուածքը յուսահատական չէ»:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ գերմանական մարտանաւ մը Սուրիոյ ծովափին մօտ լրտեսութեամբ զբաղած է: «Տեր Շփիկըլ» կը յայտնէ, որ նշեալ մարտանաւուն  գաղտնի առաքելութեան նպատակը լսողական եւ տեսողական կազմածներով տեղեկահաւաք կատարելն էր, սակայն այդ պարտականութիւնը մարտանաւուն յանձնուած է առանց Գերմանիոյ խորհրդարանի գիտութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES