ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ աշխատավարձերը սրբագրելու հարցով պէտք է որդեգրել արդիւնաբերութեան երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ վերադարձաւ Լիբանան` Լիպիա կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն ետք:

Նշենք, որ լիպիացի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Մանսուր քննարկեց իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման թղթածրարը, որուն հետապնդումը շարունակելու նպատակով որոշուեցաւ կազմել լիբանանեան-լիպիական միացեալ յանձնախումբ մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ Ֆասսուհի շրջանին մէջ պատահած փորձանքը ոչինչ է, եթէ զայն բաղդատենք որեւէ երկրաշարժի հետ: Ան շեշտեց, որ այս փորձանքը պէտք է ուսանելի օրինակ մը ըլլայ լիբանանցիներուն` կանխարգիլելու համար նման փորձանքներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ դրամատուներուն միութեան հրապարակած մէկ տեղեկագիրին համաձայն, լիբանանեան պետութեան նիւթական պարտքը մինչեւ յառաջիկայ հոկտեմբեր պիտի դառնայ 54,2 միլիառ տոլար:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Լիբանան կատարած այցելութիւնները Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական երկփեղկումը աւելի եւս խորացուցած են:

ԱՔՔԱՐԻ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարած այցելութիւնը ինքնին ծրագիր մըն է` ներքին լիբանանեան սադրանք նիւթելու: Ան կոչ ուղղեց կառչած մնալու Դիմադրութեան, լիբանանեան ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն միջեւ լարուածութիւնները մեղմելու անհրաժեշտութեան:

«ԻԹԹԻՀԱՏ» կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնեայ է: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նպատակը Լիբանանը քանդել է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղած է սուրիացի գաղթականները ընդունելու նպատակով վրաններ տեղադրելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջեւ հանդիպումը եղած է դրական: Ան աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ Լիբանանէն մաքսանենգուող զէնքին թղթածրարը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան այցելութեան նպատակն էր Լիբանանը օգտագործել իբրեւ մարտկոց` քաղաքական հրթիռներ արձակելու:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ Պան Քի Մունի Լիբանան այցելութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի եւ լիբանանեան պետութեան շահերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ապահովական կայունութեան ամրապնդման:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ գտնուած է ձեռնառումբ մը, որ առանց իր պայթուցիչին նետուած էր ինքնաշարժի մը մէջ: Լիբանանեան բանակն ու ապահովական ուժերը անմիջապէս հետաքննութիւն բացած են այս դէպքին շուրջ:

ԱԶԳԱՅԻՆ պաշտպանութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը վաւերացուց Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ զինուորական գործակցութեան համաձայնագիր մը:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ ցրուեցան թռուցիկներ, որոնց համաձայն, «Ապնա Աքսա» անունով խմբակ մը կը ստանձնէր հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ հրթիռներ արձակելու պատասխանատուութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES