ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԶՈՀԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼ 30 ՄԻԼԻՈՆ Լ. ՈՍԿԻ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել  Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 4:30-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան գումարած նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան նորագոյն զարգացումները:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Էշրեֆիէի Ֆասսուհ շրջանին մէջ փուլ եկած շէնքին թղթածրարը եւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:

Կառավարութիւնը որոշեց փուլ եկած շէնքին պատճառած իւրաքանչիւր զոհի համար 30 միլիոն լ. ոսկիի նիւթական հատուցում կատարել:

Կառավարութիւնը ստանձնեց նաեւ բուժել բոլոր վիրաւորները` առաջարկելով ստանձնել նաեւ անոնց հոգեբանական բուժումը, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ նման դէպքեր արտասովոր են:

Կառավարութիւնը կազմեց նաեւ Ֆասսուհի շէնքին փուլ գալուն վերաբերեալ հետաքննութեան յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն հանրօգուտ շինութեանց եւ ներքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Ճարտարապետներու սենտիքան եւ Պէյրութի քաղաքապետութիւնը:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի ներկայացուցած` զբօսաշրջութեան մարզի բարելաւման եւ աշխուժացման ամբողջական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Լիբանան կատարած այցելութիւններուն արդիւնքները:

Share this Article
CATEGORIES