ՄԱՔՍՈՒԵԼ ՄԻԱՑԱՒ ՓԱՐԻԶ ՍԵՆ ԺԵՐՄԵՆԻ

Մաքսուել

Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմենի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պարսելոնայի պրազիլցի յետսապահ Մաքսուել միացաւ կազմին` երեքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:

30 տարեկան Մաքսուել, որ Պարսելոնայի հետ 57 մրցում կատարեց, յուլիս 2009-ին լքելով Ինթեր Միլանը միացաւ սպանական կազմին:

Ան այս տարեշրջանին միայն չորս մրցումի դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ` նկատի ունենալով, որ Էրիք Ապիտալի եւ Ատրիանոյի ներկայութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուի:

 

Share this Article
CATEGORIES