ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Էշրեֆիէի փորձանքին առումով պատասխանատուութիւնները ճշդել:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ժալ էլ Տիպի կամուրջը քաղաքացիներուն ապահովութեան վտանգ կը սպառնայ: Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է անմիջապէս վերցնել այդ կամուրջը, նախքան այլ փորձանք մը արձանագրուիլը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը դիտել տուաւ նաեւ, որ ոմանք կը փորձեն պետական մարզերը, ինչպէս` ելեկտրականութեան մարզը ապապետականացնել: Ան ըսաւ, որ այս է հիմնական պատճառը այդ մարզին ծառայութիւններուն չբարելաւուելուն:
Իր կարգին, աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ աշխատավարձերու սրբագրման առումով ինք կառավարութեան տրամադրած է հիմնական երկու ծրագիրներ, որոնցմէ մէկը իր մշակած ծրագիրն է, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնագիրին օրինական եւ թուային բանաձեւումը: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին ընթացքին կ՛որոշէ, թէ ո՛ր ծրագիրը պիտի վաւերացնէ:
ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ
Միւս կողմէ, զօր. Աուն Ռապիէի մէջ, ներկայութեամբ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի, ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան աշխատանքներուն հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քարամէ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Քոնելլի Ուաշինկթընի մտահոգութիւնը յայտնեց Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ սուրիացի ժողովուրդին դէմ երկրին վարչակարգին բանեցուած բռնարարքներուն առնչութեամբ:
Ան նկատել տուաւ, որ ամերիկեան պետութիւնը մտահոգ է նաեւ այն առումով, որ Սուրիոյ զարգացումները կրնան ազդել Լիբանանի կայունութեան վրայ:
Քոնելլի հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կառչած կը մնան Լիբանանի կայունութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:
Նշենք, որ զօր. Աունի այցելեց նաեւ Գերմանիոյ մարոնի համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ Մուպարաք Ֆղալին:
Քննարկուեցան արտերկրի լիբանանցիներուն վերաբերող հարցեր:



