«ԼԻԲԱՆԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԵՑՈՒՄԸ ՄԵՐԺՈՂ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար դիւանագէտներու եւ դեսպաններու անձնակազմը` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի:
Հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, նախագահ Սլէյման ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը` շեշտելով, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ իր ներքին հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու ընտրանքէն:
Ան դիտել տուաւ, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ վերսկսելու համար Ազգային երկխօսութեան նիստերուն եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերու խորհրդակցութիւններուն ընդմէջէն պիտի փորձէ ապահովել լիբանանցիներուն անվտանգութիւնն ու անոնց ազգային միասնականութիւնը:
Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին է, որ պիտի մշակուի երկրին պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու կը մնայ նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցութեան:
Արաբական աշխարհին վկայած փոփոխութիւններուն մասին խօսելով` նախագահ Սլէյման նշեց, որ այդ դէպքերուն լուծում գտնելու համար անհրաժեշտ է բազմապատկել ջանքերը եւ Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն պարտադրել` Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը գործադրելով:
Սուրիոյ մասին խօսելով` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Սուրիա Լիբանանի քոյր երկիր է եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եղբայրական են: Ան մաղթեց, որ արաբական նախաձեռնութեան ընդմէջէն կարելի ըլլայ լուծել Սուրիոյ դիմագրաւած հարցերը:
Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններուն մասին հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են եւ յանցագործները պիտի պատժուին:
Ան շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձը մերժող Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին եւ կը պահանջէ գործադրել անոնց տունդարձի իրաւունքը:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան իրաւունք ունի իր իսկ ջուրերուն մէջ քարիւղի պեղման սկսելու:
Իր կարգին, Քաչիա անձնակազմին անունով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ դրուատեց Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը` միջազգային բանաձեւերը գործադրելու առումով:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման յետմիջօրէին Պաապտայի մէջ ընդունեց Իրանի մշակոյթի նախարար սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյնին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ մշակութային մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները:


