ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՐԵՍՔՈԹԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 16 յունուարին ընդունեց Հայաստանի հարցով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբի համազեկուցող Ճոն Փրեսքոթը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց Եւրոպական խորհուրդի դերը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու հոլովոյթին մէջ: Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան կը շարունակէ իրականացնել Եւրոպական խորհուրդին առջեւ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները` հիմնուած ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան վրայ:

Ճոն Փրեսքոթ դրական գնահատեց ժողովրդավարական բարեփոխումներու հոլովոյթին մէջ Հայաստանի մէջ արձանագրուած յառաջընթացը:

Զրուցակիցները անդրադարձան յառաջիկային տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Հիւրին խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային խնդիրներ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES