ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՅՍՕՐ` ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ – ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ
Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Ռէալ Մատրիտ- Պարսելոնա հսկաներու ճակատումը: Անիկա պիտի սկսի ժամը 23:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ռէալի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ երկու տարի առաջ իր պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր ութ փորձերու ընթացքին միայն մէկ անգամ յաջողած է յաղթել Պարսայի:
Ան նախապէս յայտարարած էր ըսելով, որ այս տարեշրջանին իրեն համար առաջնահերթութիւնը ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալն է:
CATEGORIES Մարզական

