ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի մշակոյթի նախարար սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյնիի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ քաղաքական շարք մը հարցեր:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց Հըզպալլային` քննարկելու իր զէնքը լիբանանեան պետութեան յանձնելու «յարմարագոյն ձեւը»:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին հետ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` խորհրդարանին քննարկելիք օրակարգերուն մէջ զետեղելու աղէտներուն առաջքը առնող օրինագիծ մը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի ընդունեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Սթիվըն Աասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը շեշտեցին Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Ժալ էլ Տիպի կամուրջի փուլ գալուն պարագային, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճումի խորհուրդը պատասխանատու պիտի նկատուի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, մազութի թիթեղին սակը 500 լ. ոսկիի յաւելում արձանագրած է, իսկ պիւթակազի շիշին սակը` 400 լ. ոսկիի:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութեան օրիինականացումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ հաշուոյն քաղաքական ոչ մէկ համաձայնագիր վաւերացուած է:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք բոլոր քաղաքապետութիւններուն փոխանցած է իր որոշումը, թէ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ պէտք է հին շէնքերը ստուգումի ենթարկուին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Լիբանան կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին յայտնած է, որ սուրիական վարչակարգը մօտեցած է իր աւարտին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանուի` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանի կայունութիւնը շատ կարեւոր է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցելու համաձայնագիրը Ապահովութեան խորհուրդի արձակած թիւ 1757 բանաձեւին անմասնատելի մէկ բաժինն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան օդուժը Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆահի եւ Թըպնինի վերեւ ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործած է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան մէջ տիրող երկփեղկումը պիտի չհասնի կառավարութեան լուծման, որովհետեւ անիկա ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ աշխատավարձերու սրբագրումի հարցը իր բնոյթը փոխած է եւ պարտադրած պետութեան գոյութեան կամ չգոյութեան մրցակցութիւնը: «Կայ մաֆիա մը, որ մեզմէ կը պահանջէ զինք պաշտպանել եւ կառավարութենէն կը խնդրէ, որ իր գործած օրինազանցութիւնը քողարկէ օրինականութեամբ», ընդգծեց Նահհաս:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ Սենտիքայական աշխատանքներու համադրումի խորհուրդը երբեք առնչուած չէ աշխատավարձերու սրբագրման թղթածրարին: Ան ընդգծեց, որ աշխատավարձերը սրբագրելու հոլովոյթի ուշացումին պատասխանատուն կառավարութիւնն է:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ շրջանին դէմ պատգամներ արձակելու նպատակով Լիբանանը մարտկոցի տեղ օգտագործելը համազօր է միջազգային օրինականութիւնը խախտելուն:
ՍՊԱՆԻՈՅ պաշտպանութեան նախարար Իվօ Մորիս Այոլաթի` ընկերակցութեամբ սպանական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ֆեռնանտօ Կարսիա Մենտեզի, այցելեց հարաւային Լիբանան, ուր ստուգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական ջոկատին զօրանոցը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց կառավարութեան` վաւերացնելու Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը, որ կը վերաբերի աշխատավարձերու սրբագրումին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները փշոտ են եւ Հըզպալլա ստանձնած է այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ինք 24 անգամ զգուշացուցած է ելեկտրականութեան հոսանքի յաւելեալ ընդհատումի հաւանականութենէն` աւելցնելով, որ այս հարցը լուծելու նպատակով ինք շտապ լուծման բազմաթիւ առաջարկներ ներկայացուցած է կառավարութեան:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական վստահելի աղբիւրներէ, յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի աշխատավարձերը սրբագրելու թղթածրարը ամէնէն արագ միջոցին լուծել:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերը ամէն գնով պիտի պահպանեն լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

