ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած է Լիբանան – Հայաստան բարեկամական ընկերակցութեան հիմնադիր անդամներու երկրորդ հանդիպումը: Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան շնորհաւորած է ներկաները պաշտօնական գրանցումին հետ կապուած բոլոր ընթացակարգային հոլովոյթները աւարտելու առիթով: Ան համոզում յայտնած է, որ նորաստեղծ ընկերակցութիւնը իր անդամներուն մեծ ներուժին եւ աշխուժ գործունէութեան շնորհիւ աւելի պիտի խորացնէ եւ ընդլայնէ հայ-լիբանանեան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները տարբեր փոխշահաւէտ մարզերու մէջ:
Լիբանանցի յայտնի գործարար Փիեռ Ֆաթթուշ միաձայնութեամբ ընտրուած է Լիբանան – Հայաստան բարեկամական ընկերակցութեան նախագահ: Ընտրուած են նաեւ ընկերակցութեան տնօրէններու խորհուրդին անդամները: Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին առաջարկուած է ընկերակցութեան պատուաւոր նախագահի պաշտօնը:
Ըստ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան, քննարկուած եւ ուրուագծուած են նաեւ ընկերակցութեան հետագայ գործունէութեան առանցքային ուղղութիւնները: Ստեղծուած է աշխատանքային խումբ մը` մայիսի սկիզբը կազմակերպուելիք պաշտօնական ձեռնարկին առնչուող աշխատանքները համակարգելու նպատակով:
Ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակն է զարգացնել եւ ընդլայնել Լիբանանի եւ Հայաստանի երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս առեւտրական-տնտեսական, մշակութային, կրթական, առողջապահական, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ բացայայտել նոր կարելիութիւններ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը խրախուսելու նպատակով: