ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ
ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը վաղը «Էրեբունի Պլազա» կեդրոնի «Էրեբունի» սրահին մէջ կը հրաւիրեն համաժողովի մը` նուիրուած Ազգային ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւնները 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգով կատարելու` միացեալ օրէնսդրական նախաձեռնութեան հետ կապուած խնդիրներուն եւ հետագայ քայլերու քննարկման:
Ըստ Ժառանգութեան եւ ՀՅԴ-ի լրատուական ծառայութիւններուն, համաժողովը բաց է բոլոր շահագրգիռ անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն համար:
CATEGORIES Հայկական

