ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 5 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յառաջիկայ 5 փետրուարը ճշդեց Լիբանանի ճատրակի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն համար:
Այժմու ֆետերասիոնին, որուն մաս կը կազմեն 12 անդամներ, ժամանակաշրջանը կ՛աւարտի յառաջիկայ 28 յունուարին:
Ֆետերասիոնին հրաժարեալ ընդհանուր քարտուղարը` Շահատէ Ապու Նըմրի, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այդ օր ճատրակի ընտանիքը հրաւիրուած է ընտրութիւններուն` փրկելու համար նոր տարեշրջանը, որ իր յայտագիրին վրայ ունի իրագործելիք բազմաթիւ առաքելութիւններ, թէ՛ տեղական, թէ՛ ասիական եւ թէ՛ միջազգային իմաստով: Այդ առաքելութիւններուն կարգին են յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ խմբային ախոյեանութիւնը, 20 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութիւնը, Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերը եւ ուրիշներ:
Ան եզրափակեց ըսելով, որ նախկին յանձնախումբը լաւ ձեւով չէր գործեր եւ կը թերանար իր առաքելութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնին անդամներուն մէջ տարակարծութիւններ եւ հարցեր գոյութիւն ունէին:

