«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՄԱՐՏ 2011-Ի ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը` www.aztagarabic.com, արդէն համալրուած է մարտ ամսուան վերջին շաբաթներուն յատուկ նոր յօդուածներով, գրութիւններով եւ լուրերով:

Կայքէջին մէջ տեղ գտած է յօդուած մը` դոկտ. Նորա Արիսեանի ստորագրութեամբ, ուր կը ներկայացուի Սուրիոյ մէջ հայերու գոյութիւնը, դերը, տեղն ու արժէքը: Յօդուածին խորագիրին մէջ կը նշուի, որ սուրիահայերը Սուրիոյ մէջ փոխեցին փոքրամասնութեան հասկացողութիւնը եւ հաստատեցին քաղաքացիութեան ըմբռնումը:

Լուրերու բաժինին մէջ կը կարդանք, որ Տիգրանակերտի մէջ քիւրտերը իրենց Նեւրուզի տօնը նշած են հայազգի երաժիշտ Արամ Տիգրանի երաժշտութեան հնչիւններուն ներքեւ:

Սուրիական-հայկական առեւտրական խորհուրդի նախագահին նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ Սուրիոյ մէջ կայացած դասախօսական ձեռնարկի մը մասին լրատուութիւն մը հրապարակուած է: Այս ձեռնարկին նպատակն է ցոյց տալ հայութեան դերակատարութիւնն ու ունեցած ներդրումը սուրիական իրականութեան մէջ:

Լուրերու կարգին ներկայացուած են Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը` Ֆրանսայի կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքին չեղեալ նկատուելուն դէմ:

Կայքէջին վրայ կը կարդանք նաեւ թուրք գրագէտ Զիւլֆիւ Լիֆանելիի «Սերենատ» գիրքին մասին, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի Հայոց ցեղասպանութեան, իսրայէլեան ողջակիզումին եւ քիւրտերու դատին:

Հայ դէմքերու կարգին այս ամսուան համար ընտրուած է գրագէտ Գրիգոր Զօհրապ` իր ծննդեան 150-ամեակին առիթով:

«Կիզակէտ» բաժինին մէջ տեղ գտած է յօդուած մը, որ լոյս տեսած է «Շուրուք» թերթին մէջ, եւ որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի յարաբերութիւններուն բնոյթն ու ներկայ հոլովոյթը:

«Օտարները հայերուն մասին» բաժինով կը կարդանք գրութիւն մը` նուիրուած Հալէպի եւ արաբական աշխարհին մէջ անուանի արուեստագէտ Ժիրօ Քեչեճեանին, ինչպէս նաեւ կը կարդանք կօշիկի շինութեամբ զբաղող եւ այդ արհեստը արուեստ նկատող «Ապու Զաւէն»ի մասին:

Share this Article
CATEGORIES