ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՎՐԱՅ ՌՈՒՄԲ ՆԵՏՈՒԱԾ Է
Ռուսական «ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անծանօթ անձ մը Ուաշինկթընի մէջ Սպիտակ տան ուղղութեամբ ռումբ մը նետած է: Դէպքի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր կնոջ` Միշել Օպամայի հետ գտնուած է մօտակայ ճաշարաններէն մէկը, ուր անոնք տիկին Օպամայի ծննդեան 48-րդ տարեդարձը կը նշէին:
Ըստ վարկածներէն մէկուն, ռումբը նետողը կրնայ «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» շարժումի գործիչներէն մէկը ըլլալ: Շարժումի մասնակիցները այդ օր շարք մը բողոքի ցոյցեր կատարած են Ուաշինկթընի մէջ, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի շէնքին մօտ:
Ոստիկանութիւնը բողոքի ցոյցին մասնակից չորս անձեր ձերբակալած է:
CATEGORIES Միջազգային

